2009-10-28 12:45:01

էջ մը հայ գրականութենէն


- Մովսէս Պչաքճեանի «Անցողիկը Եւ Անժամանցելին» Հատորի Ներկայացում

Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փարիզահայ գրագէտ, վիպագիր եւ բանաստեղծ Մովսէս Պչաքճեանի «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» հատորի ներկայացումը, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան ափերու Շրջանային Վարչութեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին հեղինակին դասընկեր-դաընկերուհիներ, համազգայնականներ, մշակութասէրներ, հիւրեր եւ աւելի քան 150 հրաւիրեալներ:

Գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» վէպը սպառիչ եւ ամբողջական կերպով ներկայացուց Դանիէլ Թիւֆէնքճեան: Ան նախ ներկայացուց վէպի հերոս Յովսէփ Նիկողոսեանի նկարագիրը:

«Յովսէփ Քրիստոսի նման խաչուած է: Խաչուած է, դատապարտուած անշարժութեան՝ երկու հոգիի ճիշդ մէջտեղը, երկու հակասական, վանողական բեւեռներու միջեւ, որոնց մէջտեղի հաւասարակշռութիւնը փոխանակ իր կայունութեան, խաղաղութեան աղբիւրը ըլլալու, դարձած է առիթ մտահոգութեան, յուսախաբութեան, եւ անվերջանալի սպառում ու տանջանք»:

Այդ երկուքէն մէկը Յովսէփի եղբայրը՝ Համբարձումն է, իսկ միւսը՝ Վերոնիք Սիէժելը, ֆրանսացի կաթոլիկ մօրմէ եւ ֆրանսացի հրեայ հօրմէ ծնած աղջիկ մը, որ բուռն կերպով եւ հեթանոսական սիրով կապուած էր Յովսէփի:

Ներկայացնելէ ետք հերոս Յովսէփի եւ անոր տիպարներով հարուստ կեանքի հաւաքածոն, Դանիէլ Թիւֆէնքճեան շեշտեց, թէ «ըստ գրողին, կեանքը ինքնին մեծագոյն վիպասանն է, տիպարներու ստեղծիչը, դիպուածին հնարիչը եւ բոլոր հանդիպումներուն բեմադրիչը»:

Ապա հետզհետէ բացայայտելով Յովսէփ-Վերոնիք յարաբերութիւնները, անոնց իրարու հանդէպ ունեցած բուռն սէրը, ինչպէս նաեւ Յովսէփի եւ իր եղբօր միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը, ան ներկայացուց ամբողջ վէպի տեւողութեան իրաւ Յովսէփը ճանչնալու դժուարութիւնը:

«Եթէ Վերոնիք հայ ըլլար, Յովսէփ անվարան անոր հետ պիտի ամուսնանար: Սակայն նման ամուսնութեան պարագային յստակ էր թէ ան պիտի ունենար հրեայ աներ, ֆրանսուհի կեսուր, իտալական ծագումով քենեկալ, հրեայ քենի ու հրեայ խնամիներու ամբոխ մը: Յովսէփ պատրաստ չէր ու չէ՛ր կրնար պատրաստ ըլլալ այդ միջավայրին, որովհետեւ ինք նժարին ճիշդ մէջտեղն էր, իր էութիւնը պառակտող երկու բեւեռներուն միջեւ»:

Վէպի ներկայացման ընթացքին Թիւֆէնքճեան պարզեց նաեւ վէպի գլխաւոր երկու հերոսներու ընտանիքներուն իրավիճակը, մտածելակերպն ու իրարու հանդէպ ունեցած եւ որդեգրած հակասութիւնները:

Վէպը ներկայացնողը պարզեց նաեւ, թէ գրողը իր այս վէպով ստեղծած էր աշխարհ մը, որ իր ներքին անկախ տրամաբանութիւնը ունէր եւ անով կը բանէր: Ան շեշտեց նաեւ թէ ասիկա սերտողութիւն մըն էր նաեւ հայ-հրեայ պատմական յարաբերութեան եւ հոլովոյթին մասին: Վերջապէս, հաստատեց թէ 850 էջնոց այս երկհատոր վէպը կոթողական գործ մըն է, որ իրապէս կրնայ համարուիլ գլխաւոր ցուցատախտակն ու գովազդը 20րդ դարէն դէպի 21րդ դար նետուած կամուրջին վրայ: Կարելի է ըսել նաեւ, թէ հայ տղու եւ հրեայ աղջկան սիրոյ պատմութիւն մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ Փարիզը ծանօթացնելու անվճար ճամբորդութիւն մըն է գրասէր ընթերցողին համար:

Անդրադառնալով Պչաքճեանի լեզուին ու գրական ոճին, ան ըսաւ նաեւ, թէ այս բոլորը ժայռի մը վրայ փորագրուած հաստատումներ են հեղինակի տասն մեծ եւ վաւերական գործերու հրատարակումներէն ետք:

Ապա հեղինակը կարդաց իր բանաստեղծութիւններէն երկուքը՝ «Ես ու դուն» եւ «Երբ հարց տրուեցաւ»։ Սրահը ծափողջոյններով յայտնեց իր սէրն ու յարգանքը հայ վիպագիրին եւ մտաւորականին:








All the contents on this site are copyrighted ©.