2009-10-27 12:51:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Ս. Գրքի քահանայապետական համալսարանի անձնակազմին` տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն, համալսարանի հիմնարկութեան հարիւրամեակին առթիւ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Ս. Գրքի քահանայապետական համալսարանի անձնակազմին` տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն, համալսարանի հիմնարկութեան հարիւրամեակին առթիւ։



Երկուշաբթի օրը, ընդունելով Ս. Գրքի քահանայապետական համալսարանի անձնակազմը` տնօրէնութիւնը, դասախօսները եւ ուսանողները, անոր հիմնարկութեան հարիւրամեակին առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց զանոնք մօտեցնելու Աստուծոյ ժողովուրդը Ս. Գրքին։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Յիսուսեան միաբանութեան, որուն յանձնուած է Ս. Գրքի հասատատութիւնը, իր տարած աշխատանքին համար եւ որուն շնորհիւ Ս. Գրքի ըմբռնումն ու խորացումը զարկ տուաւ հոգեւոր ու հովուական վերազարթօնքի եւ դարձաւ ներշնչարանը կրօնուսուցումի, քարոզութեան եւ աստուածաբանութեան ուսման ու նաեւ համամիութենական երկխօսութեան։ Շնորհիւ Ս. Գիրքի ուսումնասիրութեան, ըսաւ Սրբազան հայրը, Աստուծոյ խօսքը կեդրոնը դարձաւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Հարստացած անցեալի փորձառութենէն, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, շարունակեցէք ձեր ճանապարհը վերանորոգ յանձնառումով լաւագոյնս դիմագրաւելու աշխարհականացումի ալիքը։ Մաղթանքս է որ Ս. Գիրքի ուսուցումը դառնայ ոչ միայն աստուածաբանութեան հոգին այլ եւ աղբիւրը հոգեւորութեան ու քրիստոնեաներու հաւատքի ամրապնդումին։

Յայտնենք թէ Ս. Գիրքի քահանայապետական հաստատութիւնը որպէս համալսարանական մասնաճիւղ, հաստատուած է Ս. Աթոռէն ։ Հիմնուած է երջ. Պիոս Ժ. Ս. Քահանայապետի կողմէ 7 մայիս 1909ին, ունենալով որպէս նպատակ ՜՜Հռոմը դառնայ Ս. Գիրքի դասաւանդումին բարձր մակարդակի կեդրոնը, լաւագոյնս զարգացնելու Ս. Գիրքի աստուածաբանութիւնը ու անոր կապուած այլ մասնաճիւղերը՝՝։ Ս. Գիրքի քահանայապետական հաստատութիւնը յանձնուեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան։ Առաջին կազմակերպիչը ու ռեկ եղաւ Հայր ֆոնք։ Այդ հաստատութեան կը յաճախեն աւելի քան 60 երկիրներէ եկած ուսանողներ։ Վերոյիշեալ հաստատութիւնը ինքնավար է եւ անմիջականօրէն կախում ունի Ս. Աթոռէն եւ ատոր համար ալ միջազգային բնոյթ ունի։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ ՜՜Պօղոս Զ միջազգային մրցանակով կը պարգեւատրուի ֆրանսական'' սուրս քրեթիէն հայրաբանական մատենաշարը։



Պրեշիա կատարելիք հովուական այցելութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ''Պօղոս Զ. միջազգային մրցանակը'' պիտի յանձնէ ֆրանսական Sources chrétiennes կոչուած հայրաբանական մատենաշարին, յառաջիկայ նոյեմբեր 8-ին։ Կաթողիկէ այս կարեւոր մրցանակը ամէն տարի կը տրուի անձնաւորութեան մը կամ հաստատութեան մը, որ կը գործէ կրօնական ներշնչում ունեցող մշակութային մարզէն ներս։ 2009ին ''Պօղոս Զ միջազգային մրցանակը'' կը շնորհուի Սուրս Քրեթիյէն հայրաբանական մատենաշարին, որ հիմնուած է 1942ին չորս յիսուսեան հայրերու կողմէ։ Այս մատենաշարին մէջ կը գտնենք քրիստոնէութեան գլխաւոր Հայրերու գրութիւնները։ Այս աշխարհածանօթ մատենաշարին մէջ կը գտնենք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանը։

Նշենք որ ''Պօղոս Զ միջազգային մրցանակը'' կը կոչուի նաեւ ՜՜կաթողիկէ նոպելեան մրրցանակ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.