2009-10-27 12:51:52

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ ՓԱԿՈՒՄ


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ ՓԱԿՈՒՄ

Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը իր տարեկան ժողովը գումարեց 15-էն 23 հոկտեմբեր 2009, Զմմառու վանքին պատրիարքական աթոռին մէջ, նախագահութեամբ՝ Ամեն. եւ Գերջ. Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներուն: Սիւնոդոսական հայրերը աչքէ անցուցին նաեւ նախորդ սիւնհոդոսի որոշումները եւ կատարեցին գնահատումը անոնց տրուած ընթացքին: Ապա պատրիարքական յանձնախումբերու նախագահները ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները եւ ուսումնասիրեցին հայ կաթողիկէ եկեղեցական կեանքին վերաբերող այլազան երեսները՝ վարչական, ծիսական, կանոնական, միութենական եւ այլ մարզերու մէջ:

Ա.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Հայրերը գոհունակութեամբ ողջունեցին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականի մեծածաւալ հատորին ամբողջական թարգմանութիւնը արեւելահայերէնի, որ լոյս պիտի տեսնէ ի մօտոյ: Այս մեծղի հատորին կողքին, կը պատրաստուի նաեւ համառօտ Քրիստոնէականի գիրքը արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով՝ աւելի մատչելի դարձնելու համար քրիստոնէական վարդապետութիւնը ժողովուրդին բոլոր խաւերուն:

Զեկուցում տրուեցաւ նաեւ մեր վարժարաններուն մէջ կիրարկուող դասագիրքերու շարքին ամբողջացումին վերաբերող աշխատանքին մասին: Տպագրութեան պատրաստ է չորս միջնակարգ դասարաններուն յանձնուելիք դասագիրքերու շարքը: Շեշտուեցաւ նաեւ անհրաժեշտութիւնը երիտասարդներուն ուղղուած քրիստոնէական դաստիարակութեան յատուկ հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ աւելի բծախնդիր ընտրութիւնը դասատուներուն եւ անոնց զարգացման կատարելագործումը:

Բ.- ՜՜Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ՝՝ հռչակում: Քննարկուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ, 12-14 հոկտեմբեր 2009-ին, հայ եւ օտար մտաւորականներու մասնակցութեամբ: Այս գիտաժողովը պիտի ծառայէ իբրեւ վաւերագրական ատաղձ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակումի կարեւոր գործը յառաջ տանելու եւ յաջողցնելու համար:

Գ.- Նոր երանելիներու դատին հետապնդումը: Եկեղեցական պատկան իշխանութիւնները դրական մօտեցում ցոյց տալով այս կարեւոր գործին նկատմամբ՝ սիւնհոդոսական հայրերը քաջալերեցին պատրիարքական յանձնախումբը շարունակելու աշխատանքը նորանոր վկայութիւններ եւ պատմական վաւերագիրներ որոնելու եւ մէկտեղելու:

Դ.- Միջեկեղեցական յարաբերութիւններ: Յանձնախումբի նախագահը զեկուցեց, թէ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրին մէջ զգալի է եղբայրական մթնոլորտը, որ կը սատարէ մերձեցումի եւ միութեան Աստուծոյ օրհնութեամբ: Ան ընդգծեց մտքերու դրական զարգացումի վարդապետական հարցերու առնչութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեան ու գործակցութեան ջանքերը: Միջեկեղեցական յարաբերութիւնները կը զարգանան մանաւանդ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին ծիրին մէջ:

Ե.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ալպոմի տպագրութիւն: Վատիկանի մէջ հայոց հայրապետի արձանին զետեղումը եւ անոր յատկացուած հրապարակին հանդիսաւոր բացումը սրբազան պապին ներկայութեամբ առիթ ընծայեցին, որ քառալեզու գեղազարդ ալպոմ մը հրատարակուի: Ատաղձը պատրաստ է եւ ի մօտոյ հրապարակ պիտի հանուի:

Զ.- Հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացում: Զեկուցում տրուեցաւ յանձնախումբին աշխատանքներուն մասին, որոնք կ’ընդգրկեն բոլոր հաղորդամիջոցները, որոնք կը ծառայեն եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ծանօթացնելու եւ տարածելու: Այս մարզին մէջ կը մտնեն յատկապէս «Աւետիք» պաշտօնաթերթը, պատրիարքութեան կայքէջը, Վատիկանի ձայնասփիւռը ու «Թելեփաչէ» եւ լիբանանեան «Թելէ Լիւմիեր» հեռատեսիլներուն հայկական բաժինները:

Է.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԺԸ. նիստ: Ժողովներուն մասնակցած է Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդը՝ ներկայացնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը: Որոշում տրուած է յատկացնել գումարներ՝ վերաշինելու Շուշի աւերեալ քաղաքը:

Ը.- Ծիսական հարցեր: Աւարտած են աշխատանքները ծիսական բարեփոխումներու վերաբերեալ, յատկապէս խորհուրդներու մատակարարման հայող՝ մկրտութիւն, պսակ եւ թաղման կարգ: Յետ մանրամասն քննարկումի, որոշուեցաւ անյապաղ հրատարակել վերատեսուած մատեանները՝ հինգ տարուան փորձի շրջանի մը համար: Թիւ պատարագի խորհրդատետրը՝ աշխարհաբար թարգմանութեամբ, կրկնակի վերատեսութեան ենթարկուեցաւ:

Թ. Թեմերու վիճակին քննարկում: Սիւնհոդոսական հայրերը յատուկ կարեւորութեամբ ուսումնասիրեցին թեմերու իրավիճակը եւ յարմար սեպուած առնուելիք քայլերը, յատկապէս թափուր թեմերու վերաբերեալ:

Ժ. Պատրիարքական Գ. համագումար: Ներկայացուեցաւ մանրամասն նախագիծը սոյն համա$ումարին ընթացքին կատարուելիք դասախօսութիւններուն: Անիկա՝ նախապէս նկատի առնուած էր 2010-ի համար, պիտի կատարուի 2011-ին, երեք օրուան ծրագիրով մը: Համագումարին ընդհանուր խորագիրը պիտի ըլլայ «Ամուսնութիւն եւ ընտանիք»: Սիւնհոդոսի փակման նիստին, հայրերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան եւ նկատեցին անոր ժխտական ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին առօրեայ կեանքին վրայ: Առաջադրուեցաւ մօտէն հետեւիլ մեր երիտասարդները յուզող հարցերուն, ըլլայ ուսումնական շրջանին թէ ասպարէզ ապահովելու պահուն: Նկատի առնուեցան այլազան միջոցներ՝ դիմագրաւելու համար անոնց տագնապները տնտեսական, կրթական եւ հոգեւոր մարզերու մէջ եւ սատարելու անոնց լուծումին: Հուսկ, սիւնհոդոսի փակման, հայրերը իրենց աղօթքները բարձրացուցին՝ յոյս յայտնելով, որ դրական քայլերը, որոնք կ’արձանագրուին քաղաքական գետնի վրայ, յատկապէս Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրբ երկրի մէջ, շուտով իրենց պտուղը տան՝ քաջալերելով անոնց բնակիչները, որ կառչած մնան իրենց հայրենիքին եւ անխախտ պահեն քրիստոնէական վկայութիւնը այս աշխարհամասին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.