2009-10-27 12:45:08

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայ Թրքական Յարաբերութիւնները եւ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը Իրարու Շաղկապելը Շատ Սխալ է կ՝ըսէ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը։

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Իվանովսքի թրքական ՝՝Ռատիքալ՝՝ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է թէ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը իրարու շաղկապելը շատ սխալ է։ Դեսպանը նշած է, որ Ռուսիա իսկապէս կաջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ նախորդ տարուան Սեպտեմբերին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած յայտնի իրադարձութիւններէն ետք, երբ ես Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելեցի, նկատեցի, որ շատ յարմար պահ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Ան միաժամանակ նշած է, որ Ռուսիա, ինչպէս Թուրքիան, կը ձգտի կովկասեան շրջանի կայունութեան հաստատման։

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութեան
Բանաձեւին ծերկոյտին ներկայացումը անբարենպաստ զարգացում կը նկատէ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շենսոյ ՝՝Ամերիկայի ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանի թրքական ծառայութեան տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւին Ծերակոյտ ներկայացումը անբարենպաստ զարգացում նկատած է, շեշտելով, որ այդ քայլը անսպասելի էր Յուսամ թէ այդ բանաձեւին հարցով աւելի մեծ յառաջընթաց չարձանագրուիր( ըսած է ան)։

Հոկտեմբեր 27ի զոհերու յիշատակին Յուշարձան տեղադրուեցաւ ԱԺ-ի բակին մէջ։

Այսօր բացումը տեղի կունենայ Հայաստանի Ազգային Ժողովի բակէն ներս,1999ի՝ Հոկտեմբեր 27ին ոճրագործութեան զոհ դարձած պետական ու քաղաքական գործիչներու յիշատակին նուիրուած Յուշարձանի մը։ Տաս տարիներ առաջ այս թուականի առաւօտեան ժամը 11.20ին, ոճրագործութեան զոհ կը դառնային պետական գործիչներ՝ Կարէն Դեմիրճեանը, Վազգէն Սարգսեանը, Եուրի Բախշեանը, Ռուբէն Միրոյեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը,եւ Լեոնարտ Պետրոսեանը։ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի կունենայ Հոկտեմբեր 27ի զոհերու մահուան 10րդ տարելիցի կապակցութեամբ։

ՀՀ Եւ ԼՂՀ Իշխանութիւնները Հերքած Են Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը։
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ- Հոկտեմբեր 21ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խորհրդարանական իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման թեմային եւ որպէս նորութիւն յայտնած՝ թէ անցեալ ամիս՝ ռազմական խումբ մը Լաչին մեկնելով ուսումնասիրած է Լաչինը, եւ քննարկած՝ թէ հարցի լուծման ժամանակ միջազգային իրաւունքով ի՛նչ ծաւալ պիտի ունենայ Լաչինի միջանցքը։ Ասիկա, ինչպէս կը նշեն մեր ատրպէյճանցի եղբայրները, շատ կարեւոր քայլ է, որ կը տանի դէպի հարցի լուծում( ըսած է Տաւութօղլուն)։ Անդրադառնալով Տաւութօղլու-ի արտայայտութեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան յայտնած է, թէ որեւէ խումբ՝ հետազօտութիւն կատարելու նպատակով Լաչինի միջանցք չէ այցելած։ Բալայեանին խօսքերը հաստատած եւ Տաւութօղլուի սուտ տարաձայնութիւնները հերքած են նաեւ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան լխաւոր վարչութեան պետ՝ Դաւիթ Բաբայեանը եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը։ Պետրոսեան շեշտած է, որ իրենք այդպիսի խումբի չեն հանդիպած եւ որեւէ տեղեկութիւն չունին այդ մասին։

Թուրքիոյ Վարչապետը Թեհրանի մէջ։
Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Թեհրան կը գտնուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը։ Ան ամբաստանած է Արեւմուտքը թէ անիրաւ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Իրանի հանդէպ։ Իր այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական բնագաւառներէն ներս։ Այսօր Երեքշաբթի, Էրտողան հանդիպում կունենայ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.