2009-10-25 14:39:42

Հայկան Պոլիսը ։ Համիտեան Հալածանքներ եւ նորանոր դպրոցներ։


Հայկան Պոլիսը ։ Համիտեան Հալածանքներ եւ նորանոր դպրոցներ։



Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմէն եւ Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրներէն ետք սկսաւ սուլթան Համիտի հայահալած քաղաքականութիւնը։ Հալածանքներ սկսան նաեւ դպրոցներուն դէմ։ Արդարեւ, 1880-ական տարիներէն սկսեալ, հայկական դպրոցները, ինչպէս նաեւ՝ կրթական եւ մշակութային ընկերութիւնները, Պոլսոյ թէ գաւառներուն մէջ, կառավարական կամայական արգելքներու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման, դժուարութեամբ սկսան շարունակել իրենց գործը։ Կրթական հաստատութիւններուն դէմ սեղմումներն ու հալածանքները սկսան աստիճանաբար, գրեթէ անզգալաբար եւ հետզհետէ լայն համեմատութիւններ ստացան։ Կրթական կարգ մը հաստատութիւններ չկրցան դիմանալ կառավարական արգելքներուն եւ իրար ետեւէ փակեցին իրենց դուռերը, նաեւ կրթական շարք մը ընկերութիւններ իրենք զիրենք լուծարքի ենթարկեցին։

Սակայն, հակառակ բոլոր արգելքներուն, յատկապէս՝ նոր դպրոցներու արտօնագիրի ստացման իմաստով, փակուող քանի մը վարժարաններուն դիմաց նոր դպրոցներ բացին իրենց դուռերը։

Յարութիւն արքեպիսկոպոս Վեհապետեան պատրիարք, իր գահակալութենէն՝ 1885-էն ետք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ դիւանակալական արգելքներուն, զարկ տուաւ կրթական գործին։ Իր օրով բացուած կրթական հաստատութիւններէն էին Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը, Բերայի աղջկանց արհեստանոցը, ինչպէս նաեւ՝ շառք մը մանկապարտէզներ։ Պատրիարքը զարկ տուաւ նաեւ դասագիրքերու պատրաստութեան եւ հրատարակութեան գործին։ Տպագրուեցան նաեւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր։

Վիճակագրական հետեւեալ պատկերը, պատրաստուած՝ Արշակ Ալպոյաճեանի կողմէ եւ հրատարակուած Հայաստանի կոչնակի 1926 յունուարի թիւին մէջ, Կրթական շարժումը հայոց մէջ խորագիրով, գաղափար մը կու տայ 1850-ական տարիներէն մինչեւ 1890 Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն եւ աշակերտութեան թիւին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.