2009-10-25 14:39:02

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 25 հոկտեմբեր, 7.րդ կիրակի զկնի Խաչի։ Տօն Գիւտի Սրբոյ Խաչին

Ընթերցում Սուրբ Մատթէոս Աւետարանէն գլուխ 24, թիւ 27-36 համարները


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 25 հոկտեմբեր, 7.րդ կիրակի զկնի Խաչի։ Տօն Գիւտի Սրբոյ Խաչին

Ընթերցում Սուրբ Մատթէոս Աւետարանէն գլուխ 24, թիւ 27-36 համարները



27Ինչպէս փայլակը կը մեկնի Արեւելքէն եւ կը շողայ մինչեւ Արեւմուտք, այնպէս պիտի ըլլայ գալուստը Մարդու Որդիին։ 28Ուր գէշն է, հոն կը հաւաքուին արծուիկները։ 29Այն օրերու անձկութիւններէն ետք, արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի տժգունի, երկինքէն աստղերը պիտի թօթափին եւ զօրութիւնները պիտի խախտին։ 30Այն ատեն երկինքի վրայ պիտի յայտնուի Մարդու Որդիին նշանը։ Այն ատեն երկրի ազգերը իրենց կուրծքը պիտի բախեն եւ պիտի տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ երկնքի ամպերու վրայ իր ամբողջ զօրութեամբ եւ փառքով։ 31Պիտի ղրկէ իր հրեշտակները մեծ փողերով` հաւաքելու համար ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։ 32Թզենիէն սորվեցէք առակը։ Երբ անոր ոստերը թարմանան եւ տերեւները ցցուին, գիտէք որ ամառը մօտ է։ 33Նմանապէս դուք, երբ տեսնէք այն բոլոր նշանները, գիտցէք որ Մարդու Որդին մօտեցած է, ձեր դռներու առջեւն է։ 34Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, այս սերունդը պիտի չանցնի մինչեւ որ այս ամէնը չկատարուի։ 35Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին։ 36Բայց օրն ու ժամը ոչ ոք գիտէ, ոչ հրեշտակները երկնքի մէջ, ոչ Որդին, այլ` մի միայն Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.