2009-10-25 14:39:25

Լուրեր հայկական կեանքէն։


Լուրեր հայկական կեանքէն։

Դատաւորներ Պէքսթըր Եւ Մորենօ Կը Պատուուին

Լոս Անճելըս - Հայ իրաւաբաններու միութեան (Armenbar) եւ սպանախօս աշխատաաւորներու իրաւանց պաշտպան «Լաթինօ քոմփ» կազմակերպութեան համատեղ ջանքերով, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւորներ Մարվին Պէքսթըրի եւ Քարլոս Մորենոյի: Ներկայ էին աւելի քան 70 իրաւաբաններ եւ համայնքային ներկայացուցիչներ:

Երկու դատաւորներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին զիրենք պատուած երկու կազմկերպութիւններուն եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին, յատկապէս աշխատաւորներու իրաւունքներուն մասին:

Պէքսթըր Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակուած է 1991ին: Ան նախապէս աշխատած է Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի կառավարութեան մէջ եւ եղած է Քալիֆորնիոյ վճռաբեկ ատեանի դատաւոր: Ան պատուոյ անդամ մըն է Հայ իրաւաբաններու միութեան, իրողութիւն մը, որ իրեն «հպարտութեան կը պատճառէ»:

Մորենօ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակուած է 2001ին եւ նախապէս դատաււոր եղած է Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի, ինչպէս նաեւ դաշնակցային ատեաններու համակարգէն ներս: Ան նախապէս եղած է Մեքսիքացի ամերիկացիներու իրաւաբանական միութեան նախագահ:



Հայաստան Կը Բողոքէ Ատրպէյճանի Սպառազինութեան Դէմ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուած տեղեկութիւններով, Հոկտեմբեր 23ին, ՄԱԿի համաժողովի յանձնաժողովի կողմէ «Տարածաշրջանային զինաթափումն ու անվտանգութիւնը» օրակարգի քննարկման ընթացքին՝ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Կարէն Նազարեան, որ կարեւոր նկատած է միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, յատկապէս՝ ՄԱԿի ու ԵԱՀԿի ու անոնց ծիրէն ներս ընդունուած պայմանագրերու եւ համաձայնագրերու նշանակութիւնը զինաթափման գործընթացին համար:

Հայաստանի ներկայացուցիչը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպայի Սովորական զինուած ուժերու (ԵՍԶՈՒ) մասին պայմանագրի դրոյթներուն կոպիտ խախտման փաստին վրայ: Ըստ իրեն, ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿ պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ զինուիլ եւ կը գերազանցէ ԵՍԶՈՒ պայմանագրով սահմանուած սովորական սպառազինութիւններու հինգ տեսակներէն՝ երեքին թոյլատրելի առաւելագոյն մակարդակները։ Ան նշած է, որ նման խախտումներն ու ատրպէյճանական ղեկավարութեան ռազմատենչ ու հայատեաց յայտարարութիւնները վտանգաւոր են տարածաշրջանային անվտանգութեան համար եւ կրնան բացասաբար անդրադառնալ ԼՂ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին:

Քննարկումներու ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանական կողմը, որ աւելի շատ եղած է «20 տոկոս գրաւուած տարածքներու, մէկ միլիոն փախստականներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ միջազգային հանրութեան աչքէն հեռու թաքցուած սպառազինութիւններու մասին» բաժնի կրկնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.