2009-10-23 13:10:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին. ''քրիստոնեաները վկաներն են արարչագործութեան պահպանումին''։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին. ''քրիստոնեաները վկաներն են արարչագործութեան պահպանումին''։

Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին ուղղած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կոչ կ'ուղղէ քրիստոնեայ աշխարհին որպէսզի ըլլան ճշմարիտ վկաները արարչագործութեան պահպանումին։ Սրբազան Քահանայապետը այս պատգամը ուղղած է ԱՄՆի Նիւ Օրլէան Լուիզանա նահանգին մէջ տեղի ունեցող գիտաժողովին առթիւ, որուն նիւթն է ''կրօնք, գիտութիւն եւ բնապահպանութիւն, վերապաստատել հաւասարակշռութիւնը. Միսիսիբի մեծ գէտը''։ Գիտաժողովի բացման արարողութեան ներկայ էին Նիւ Օրլէանի առաջնորդը, Ուաշինկթոնի երբերմնի կարտինալը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք Տեմեթրիոս։



Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ կը հրաւիրէ քրիստոնեաները համագործակցելու, որպէսզի անաղարտ պահուի այն ինչ որ Աստուած մարդկութեան պարգեւեց. մեծութիւն, գեղեցկութիւն ու վեհանձնութիւն։ Բարդողոմիոս Բ Կ.Պոլսոյ պատրիարքը իր ճառին մէջ ըսաւ. ''ամէնքս նուիրական պարտականութիւն ու պատասխանատուութիւն ունինք պաշտպանելու արարչագործութիւնը վաղուայ սերունդներուն համար։ Մեր ամէն մէկ անհատական թէ հաւաքական որոշումը իր անդրադարձը պիտի ունենայ վաղուայ երկրագունդին համար։



Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց ֆրանսացի հայր Ժան Լաֆիթ որպէս քարտուղարը քահանայապետական Կեանքի կաճարին։ Իսկ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար նշանակեց իտալացի հայր Մարիօ Թոզօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.