2009-10-23 13:09:35

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ։
Երէկ Պաքուի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը արդէն Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուց Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները՝ քննարկումի համար։ Երեւանի մէջ եւս սկսած են արձանագրութիւններու քննարկման ներքին գործընթացները՝ այդ փաստաթուղթերը օրէնսդիր մարմնին ներկայացնելու դիտաւորութեամբ։ Կիրակոսեան Պաքու մեկնած էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 21-րդ նիստին մասնակցելու համար։
Փոխնախարարը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին միջեւ կապին։ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւնները երկու ինքնուրոյն պետութիւններու յարաբերութիւններ են, եւ անոնք ոչ մէկ կապ ունին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն հետ։ Ատոր համար մենք ստորագրած ենք այդ փաստաթուղթերը։ Եթէ անոնք վաւերացուին, ապա երկու ամիսէն, սահմանները բաց պիտի ըլլան, որմէ ետք պիտի սկսին աշխատիլ միջ-կառավարական յանձնախումբերը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵԼԷ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ՝՝Փանարմինիըն՝՝ լրատուական կայքէջին ըսած է, որ հայ եւ ազրպէյճանցի պատգամաւորներու հանդիպումին ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չէ քննարկուած։ Ըստ անոր, հայկական կողմը հրաժարած է քննարկել այդ հարցը առանց ղարաբաղեան կողմի մասնակցութեան։ Հանդիպումը բաւական կառուցողական էր։ Հիմնականին մէջ կը դիտարկուէին մարդասիրական հարցեր, առողջապահութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան կարելիութիւնը( ըսած է Յովհաննիսեան)։
Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը երկու ինքնավար պետութիւններ են, որոնք բացի ղարաբաղեան տագնապէն շատ այլ խնդիրներ ունին, զորս պէտք է լուծել։

Միւս կողմէ թրքական "Հիւրրիյէթ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա այսօր Վիեննայի մէջ պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հանդիպումին։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի օգնական Իւնալ Չեւիքէօզ հանդիպումի նախօրեակին մեկնելով Վիեննա նախապատրաստական հանդիպումներ ունեցած է։

Սերժ Սարգսեան Կը Յորդորէ Ալիեւին՝ Չյոխորտալ ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախ կատարած իր այցելութեան ընթացքին հարցազրոյց մը տուած է Ղարաբաղի հանրային հեռատեսիլի կայանին, ուր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք բանակի մարտունակ վիճակի մասին, պատասխանած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութեանց վերաբերող հարցումի մը: Ղարաբաղի հեռատեսիլի կայանի թղթակիցը հարց տուած է նախագահ Սարգսեանին, թէ «օրեր առաջ Ադրբեջանի նախագահը կրկին յայտարարեց, որ ձեռք են բերուել համաձայնութիւններ ԼՂՀ յարակից շրջանները վերադարձնելու շուրջ: Նա պնդել է, որ այդպիսի համաձայնութիւններ ձեռք են բերուել տարիներ առաջ եւ մեղադրել է Հայաստանին ներկայում բանակցութիւնները ձգձգելու մէջ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ յայտարարութիւնը»: Նախագահ Սարգսեան պատասխանած է ըսելով, որ «Ես այդ հարցին անդրադարձել եմ եւ հիմա առանձնապէս բան չունեմ աւելցնելու: Ուղղակի մէկ անգամ եւս ուզում եմ շեշտել, որ մենք շատ լրջօրէն եւ պատասխանատուութեամբ ենք մօտենում բանակցային ողջ գործընթացին: Աւելի շահագրգիռ կողմ, քան Լեռնային Ղարաբաղն է, քան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդն է՝ չկայ: Եւ հէնց Լեռնային Ղարաբաղն է ցանկանում, որպէսզի օր առաջ լուծուի այս խնդիրը: Ես համոզուած եմ, որ, իրօք, կան լուծումներ, սթափ լուծումներ: Դրանք կարող են գտնուել միայն այն պարագայում, երբ բանակցող կողմերն իրատեսօրէն են մօտենում ստեղծուած իրավիճակին, երբ նրանց ակնկալիքներն իրատեսական են : Մենք փնտռում ենք երկարաժամկէտ լուծումներ, այնպիսի լուծումներ, որոնք, իրօք, խաղաղութիւն կը բերեն եւ այն կը լինի տեւական: Ես չեմ կարծում, որ ճիշտ է գալ այնպիսի եզրակացութիւնների, այնպիսի լուծումների, որոնք ինչ-որ մի ժամանակահատուածի համար, միգուցէ, կարող են լինել ընդունելի, բայց չեն կարող ապահովել, ինչպէս արդէն ասացի, տեւական խաղաղութիւն(ըսած է Սարգսեան)։







All the contents on this site are copyrighted ©.