2009-10-23 13:11:35

 ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ


 ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿ

Հայ ականաւոր գրող եւ արեւելահայ գրականութեան հիմնադիր Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան 200-ամեակը ամբողջացաւ 15 Հոկտեմբեր 2009-ին։

Տարուան ընթացքին տեղի ունեցած են զանազան ձեռնարկներ, իսկ վերջերս պետականօրէն նշուած է Ալ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ, ուր ցուցադրուած է գրագէտին կենսագրական տուեալներուն հիման վրայ թատերականացուած ներկայացում, որ բեմադրուած էր Մարինէ Սարգսեանի կողմէ։

Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանէն տեղեկացուցած են, որ տարուան ընթացքին կազմակերպած են 4 - 5 ձեռնարկ, իսկ տուն-թանգարանին վերանորոգումէն ետք նոյնպէս նախատեսուած է ձեռնարկներ կազմակերպել։

Խ Աբովեան ծնած է Երեւանի մօտ գտնուող Քանաքեռ գիւղը, 1809-ին, իսկ մահացած է չպարզուած հանգամանքներով՝ անյայտանալով 1848-ին։ Սոյն յոբելեանի կապակցութեամբ Խ Աբովեանի տուն-թանգարանը կազմած եւ հրատարակութեան պատրաստած է գիտական երեք հետազօտութիւններ, որոնք կապացուցեն, թէ ‘’Աբովեան ծնած է 1805-ին, Քանաքեռ եւ մահացած է չպարզուած հանգամանքներու մէջ՝ անյայտանալով 1848-ին, աքսորի մէջ, ուր զայն արտաքսած էին ցարական իշխանութիւնները’’։








All the contents on this site are copyrighted ©.