2009-10-21 16:10:23

Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր, 18631934). Հայ գրականութեան կանացի զգացականութիւնը


Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր, 18631934). Հայ գրականութեան կանացի զգացականութիւնը

2009 8 Հոկտեմբերին, լրացաւ ծննդեան 146ամեակը հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մեծանուն կին երախտաւորներէն Սիպիլի՝ Զապէլ Ասատուրի։
1863ին Սկիւտար ծնած՝ բարեկեցիկ Խանճեաններու Զապէլ դուստրը կոչուած էր մնայուն տեղ գրաւելու հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ, կանացի իր ինքնուրոյն դրոշմը դնելով թէ՛ մեր գրականութեան եւ թէ ազգային հասարակական կեանքին վրայ։

Ան ստեղծեց գրականութիւն մը (բանաստեղծութիւն եւ արձակ), որ նրբագեղ ու նրբաշխատ էր՝ թէ՛ գեղարուեստական մշակման, թէ՛ բովանդակութեան եւ արծարծած խնդիրներուն առումով, յագեցած հայ կնոջ յատուկ շեշտակի զգացականութեամբ։

Ոչ միայն ստեղծագործեց, այլեւ մտաւորական շարժում ու գրական հոսանք առաջնորդող ներկայութիւն դարձաւ պոլսահայ իրականութեան մէջ, 19րդ դարավերջին եւ 20րդի սկզբնաւորութեան։ Արեւմտահայ գրականութեան վիպապաշտ (ռոմանթիք), իրապաշտ եւ գեղապաշտ իրերայաջորդ երեք սերունդներուն միջեւ կամուրջ մը եղաւ։ Զապէլ Ասատուր նաեւ կրթական մշակի, կանանց հանրային դերակատարութեան աշխուժացման ու հայ որբերու եւ կարիքաւորներու պաշտպանութեան նկատառելի վաստակ կապեց իր անունին։
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ տան մէջ՝ մասնաւոր ուսուցիչներու խնամքին տակ։ Մանկութենէն, հայերէնի կողքին, տիրապետեց ֆրանսերէնի։ Յաճախեց Ս. Խաչ վարժարանը, ապա՝ Սկիւտարի Ճեմարանը, ուր Խաչատուր Միսաքեանի եւ Սիմոն Ֆելէկեանի տարողութեամբ ուսուցիչներու շնորհիւ բացուեցաւ եւ փարեցաւ հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի ու գրականութեան հարստութիւններուն։
Հազիւ երիտասարդ՝ 1789ին, ան նախաձեռնողներէն մէկը եղաւ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան հիմնադրումին՝ նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ յատկապէս հայկական գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ հայ աղջիկներու համար։ Ամբողջ քսանամեակ մը այդ ընկերութիւնը պատնէշի վրայ մնաց՝ հոգալով նաեւ կրթաթոշակը հայ պարմանուհիներու ուսումնառութեան։ Եւ երբ հարկը ստեղծուեցաւ ջարդերու հետեւանքով անտէր մնացած որբերու հոգատարութեան, այդ առումով եւս միութիւնը բարեխնամ դեր կատարեց։
1881ին Սիպիլ ամուսնացաւ փաստաբան Կարապետ Տոնելեանի հետ եւ միասին մեկնեցան հայկական գաւառները՝ մօտէն թափ տալու համար աղջկանց վարժարաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ ընդունակ հայ պարմանուհիներուն կրթաթոշակով ապահովելու աշխատանքին։
1900ին Սիպիլ կորսնցուց իր ամուսինը, բայց կնքեց երկրորդ ամուսնութիւն մը ծանօթ գրող Հրանդ Ասատուրի հետ, որուն կապուեցաւ նաեւ գրական ու ազգայինհասարակական երկարամեայ գործակցութեամբ։ Այր ու կին Ասատուրներու միացեալ աշխատանքին արգասիքը եղաւ հայերէն լեզուի, քերականութեան եւ գրական ընթերցումներու Թանգարան անունով դասագիրքերու շարքը, որ ամբողջ քառորդ դար ծառայեց նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան։
Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուրները գործակցեցան նաեւ Գրիգոր Զօհրապի հետ՝ Մասիս թերթի հրատարակութեան երկրորդ շրջանը իրականութիւն դարձնելով եւ իրենց հրապարակումներով, թերթի էջերուն, աշխոյժ ներկայութիւն դառնալով ու իրենց շուրջ խմբելով իրապաշտ գրողներու ամբողջ հոյլ մը։
Սիպիլ գրչանունը հռչակի արժանացաւ 1891ին լոյս տեսած Աղջկան մը սիրտը վէպով, որ թէեւ վիպագրական արուեստի դիտանկիւնէն մեծ արժէք չի ներկայացներ, բայց իր շօշափած ընկերային հարցերով, յատկապէս հայ կնոջ ազատագրումին նուիրուած զգացական մօտեցումով՝ նոր շունչ բերաւ պոլսահայ գրականութեան։ Սրբուհի Տիւսաբ արդէն բացած էր այդ ուղին հայ գրականութեան մէջ, բայց առաւելաբար բարոյախօսական սահմաններէն անդին անցած չէր։ Մինչդեռ Սիպիլ եկաւ գրականգեղարուեստական մշակում տալու հայ կնոջ իրաւունքներուն եւ ազատութեանց պաշտպանութեան ու, իբրեւ այդպիսին, գրական իր դպրոցը ստեղծեց։
Նոյնքան թարմաշունչ եղաւ Սիպիլի մուտքը հայ բանաստեղծութեան անդաստանէն ներս։ 1902ին լոյս տեսաւ Սիպիլի Ցոլքեր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։ Եւ այնուհետեւ, ամբողջ երեսուն տարի, Սիպիլ մամուլի էջերուն լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութիւնները, որոնք յետմահու հաւաքուեցան 1940ին լոյս տեսած Քերթուածներ հաւաքածոյին մէջ։
Ե՛ւ հայերէն լեզուի մշակուածութեան, ե՛ւ գեղարուեստական պատկերներու գեղեցկութեան, ե՛ւ նուրբ զգացումներու զարդանաշխման առումներով՝ Սիպիլ բանաստեղծական իր ուրոյն ոճը ստեղծեց, որուն տրուած ամէնէն դիպուկ բնութագրումը կը պատկանի մեծն Յակոբ Օշականի։ Սիպիլի բանաստեղծութիւնը անթերի ձեւերու, մետաքսէ ոլորներու, ծիրանի ու փրփրուտ ժանեակներու, ոսկի դանակներու, թռչող բայրերու եւ աչք առնող գոյներու զարմանալի խառնուրդ մըն է. մեր զգայարանքներուն վրայ հմայք կը լեցնեն, բայց երեւոյթի մը պէս կը թռին անոնք ու մենք մեր աչքերուն վայրկեանի թովշանքէն ազատելէն վերջ կը մոռնանք զանոնք. կը շեշտէ Օշական։
Սիպիլ մինչեւ մահ, 1934 թուականը, մնաց Պոլսոյ մէջ՝ պատնէշի վրայ կանգուն մնալով, ստեղծագործելով եւ կրթական մշակի իր առաքելութիւնը շարունակելով։ Բայց վերջին տարիներուն կաթուածը անկողնին գամեց հայ գրականութեան մէջ կանացի զգացականութիւնը առաւելագոյն գեղեցկութեամբ, քնքշութեամբ ու նրբութեամբ վերծանած մեծ գրողին։







All the contents on this site are copyrighted ©.