2009-10-21 16:08:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը
Չորեքշաբթի հոկտեմբեր 21 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, ս. Պետրոս հրապարակը։
Սրբազան Հայրը, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ս. Պերնարտոսի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սուրբ Պերնարտոս Եկեղեցւոյ մեծագոյն վարդապետներէն մէկն է։ Ծնաւ 1090ին ֆրանսայի ֆոնթեն կոչուած վայրը։ 20 տարեկանին Սիթօ նորավանքը մտաւ եւ միքանի տարի ետք, 1115ին հիմնեց Գլերվօ աբբայարանը, ուր սահմանեց վանական կեանքի իր տեսութիւնը եւ անմիջապէս գործադրութեան դրաւ Պենետիկտեան կոչուած կանոնագիրքը, ընդգծելով մասնաւորապէս խստակեաց ու չափաւոր կեանքի անհրաժեշտութիւնը։ Ան իր վանականներուն միշտ կը յանձնարարէ նեցուկ կենալ աղքատներուն ու կարօտեալներուն։ Այդ տարիներուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ս. Պերնարտոս զարգ տուաւ նամակագրութեան համեստ ու մեծ անձնաւորութիւններու հետ։ 1130էն սկսեալ մօտէն հետեւեցաւ Սուրբ Աթոռի ու Եկեղեցւոյ ծանր հարցերուն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութեան մէջ պարզեց սուրբ Պերնարտոսի վարդապետութեան գլխաւոր երկու երեւոյթները հայող Յիսուս Քրիստոսի ու անոր Մօր`Մարիամը որ մեզ կ'առաջնորդէ դէպի իր Միածին Որդին։
Ս. Պերնարտոսին համար Աստուծոյ ճշմարիտ ճանաչումը կը կայանայ անձնական փորձառութիւն ունենալու Յիսուս Քրիստոսի ու անոր սիրոյն հետ։ Հաւատքը ս. Պերնարտոսին համար, ըսաւ Սրբազան հայրը, նախ եւ առաջ մտերիմ հանդիպում մըն է Յիսուսի հետ։ Շնորհիւ այդ հանդիպումին պիտի կարենանք ճանչնալ Քրիստոսի մօտիկութիւնը, բարեկամութիւնը ու սէրը։ Ասիկա միակ ճամբան է միշտ աւելի ճանչնալու, սիրելու Յիսուսը ու հետեւլու Անոր։ Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, որ ամէնքս իրականացնենք սուրբ Պերնարտոսի տեսութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ խնդրեց ս. Պերնարտոսէն որ օգնէ մեզի միշտ աւելի լաւ ճանչնալու Տիրամայրը։ Աստուածածինը թող ըլլայ մեր պաշտպանը կեանքի բոլոր վախերուն ու առաջնորդէ մեզ դէպի իր Միածին Որդին։ Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ, Սրբազան Քահանայապետը, հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ Հոկտեմբեր ամիսը միսիոնարներու ամիս է, ասիկա հրաւէր մըն է վերանորոգելու մեր յանձնառում ու համագործակցութիւնը միսոնարներու հետ ու մեր կարգին կանչուած ենք Քրիստոսի Աւետարանը ճանչցնել մեր շրջանակէն ներս, աղօթքի ու զոհողութեան զօրութեամբ։
իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի տուած օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.