2009-10-21 16:09:41

Ափրիկէի եպիսկոպոսաց երկրորդ յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքները


Ափրիկէի եպիսկոպոսաց երկրորդ յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքները
Սիւնոդոսական Հայրերը ներկայացուցին վերջմական առաջարկներու միակ ցուցակը եւ խաղաղութեան կոչ կ'ուղղեն մեծ լիճերու շրջանին։
Գրեթէ եզրակացութեան հասաւ Ափրիկէի եպիսկոպոսաց երկրորդ յատուկ սիւնոդոսը որու գլխաւոր թեմերն են հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ներկայութեամբ, Սիւնոդոսական Հայրերը սրտաճմլիկ կոչ մը ուղղեցին Մեծ Լիճերու շրջանի ժողովուրդներու, որպէսզի դադրեցնին եղբայրասպան ընդհարումները, ուր Սուտանի մէջ մասնաւորապէս վերջին ժամանակներուն աշխարհը ականատես եղաւ խաչուած քրիստոնեաներուն ահուսարսափին։ Մի սպաններ պատուիրանը, կը կարդանք կոչին մէջ, գրուած է մարդու սրտին մէջ։ Թող զէնքերու բարբառը փոխուի երկխօսութեան բարբառի։ Բնականաբար հաշտութիւն եւ արդարութիւն գաղափարները կը գերիշխեն սիւնոդոսական Հայրերու վերջնական առաջարկներու ցանկին մէջ։ Սիւնոդոսական Հայրերը կը սահմանեն ներկայ սիւնոդոսը որպէս Պենետեկոստէի սիւնոդոս եւ կը խնդրեն որ համագործակցութիւնը ներշնչէ ընկերութիւնը։
Ափրիկեան Ցամաքամասի Սիւնոդհոսը Վատիկանի մէջ։
Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։
ԵԳԻՊՏՈՍ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը հաստատէ որ ՝՝Մահմէտականութիւնը երկրի Պետական կրօնքն է ,իսկ արաբերէնը երկրի պաշտօնական լեզուն ։Իսլամական օրէնքի սկզբունքները կը կազմեն օրէնսդրութեան գլխաւոր աղբիւրը. Բայց սահմանադրութեան 46երորդ հատուածը կը ճշդէ որ ՝՝Պետութիւնը կ՝երաշխաւորէ հաւատքի ազատութիւն եւ պաշտամունքի ազատութիւն ՝՝ ։ Եգիպտոս ունի աւելի քան 75 միլիոն բնակիչ,որոնց հարիւրէն 84,4 տոկոսը մահմէտական է, հարիւրէն 15,1 տոկոսը քրիստոնեաներէ կազմուած, իսկ հարիւրէն 0,5 տոկոսը այլ կրօններու կը պատկանի։ Եգիպտոսի կաթողիկէներու թիւն է 199.000. Կան եկեղեցական 15 գաւառներ եւ 21 Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետ ունեցող ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 181 է։
Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հետեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները







All the contents on this site are copyrighted ©.