2009-10-21 12:39:29

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԱԽ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ։ 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները նախքան Ազգային ժողովին մէջ վաւերացուիլը, պիտի քննարկուին Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանին մէջ, ուր պիտի վճռուի անոնց համապատասխանութիւնը Հայաստանի սահմանադրութեան։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան news.am կայքէջին ըսած է, որ նախ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ ստորագրուած փաստաթուղթերու միջ-գերատեսչական ընթացակարգի, որմէ ետք փաստաթուղթերը պիտի ուղարկուին Հայաստանի նախագահին։ Երկրի ղեկավարը ստորագրուած արձանագրութիւնները կուղղարկէ Սահմանադրական Դատարան։ Այնտեղ քննարկելէ ետք որոշում կը տրուի արձանագրութիւններուն մէջ ամրագրուած
պարտաւորութիւններու՝ Հայաստանի սահմանադրութեան համապատասխանութեան վերաբերեալ, իսկ որոշումը պիտի ուղարկուի նախագահին։ Համապատասխանութեան մասին որոշում տրուելու պարագային նախագահը, իր կարգին, փաստաթուղթերը պիտի ուղարկէ Ազգային ժողով՝ քննարկման եւ վաւերացման համար։ Ազգային ժողովին մէջ սահմանուած կարգով վաւերացուելէ ետք արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի կազմէ արձանագրութիւններուն վերաբերող վաւերագիր եւ զայն պիտի ներկայացնէ նախագահին կողմէ ստորագրուելու համար։Վաւերագիրը պիտի ամրագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան կնիքով եւ արտաքին գործոց նախարարի ստորագրութեամբ։ Աւարտական փուլին տեղի կունենայ վաւերագիրներու փոխանակում, որմէ ետք անոնք կը մտնեն ուժի մէջ(մանրամասնած է Սամուէլ Ֆարմանեան)։


Եւրոպական Օգնութիւն՝ Հայաստանին եւ Վրաստանին։Եւրոյանձնաժողովը միկրոտնտեսական օգնութիւն առաջարկած է Հայաստանին եւ Վրաստանին, համապատասխանաբար՝ 100 միլիոն եւրօ եւ 46 միլիոն եւրօ չափերով։
Հայաստանին տրամադրուելիք 65 միլիոն եւրօի վարկը եւ 35 միլիոն եւրօի դրամաշնորհը պիտի նպաստեն Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի հետ համաձայնուած ծրագրի իրականացման, որու նպատակը տնտեսական ճգնաժամի հետեւանք- ները յաղթահարելն է։ Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին տրամադրուելիք գումարին, այն Եւրոպական Միութեան՝ 500 միլիոն եւրօ ֆինանսական օգնութեան մէկ մասն է եւ նպատակ ունի վերացնել ռուս-վրացական պատերազմի հետեւանքները։
Երկու առաջարկներն ալ պէտք է հաստատուին եւ վաւերացուին Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներուն կողմէ։

Լիւքսեմպուրկի մէջ կը հանդիպին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի
արտաքին ործոց նախարարները։ Եւրոմիութեան, Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրի ծիրէն ներս, յառաջիկայ Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 26ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ կը կայանայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ ՝՝Գրուզիա օնլայն՝՝ կայքէջի հաղորդման համաձայն, հանդիպումը պիտի նախորդէ Եւրոմիութեան ղեկավարներու Հոկտեմբեր 29-30ին կայանալիք հանդիպման։
Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրէն ներս( որը կեանքի կոչուեցաւ Մայիս 7ին Փրակայի մէջ)ընդրկուած են ԱՊՀ-ի 6 երկիրներ։


ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ՝ ՀԱՅ, ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՒ ՌՈՒՍ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ։ Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Պորիս Կրիզլով 8 հոկտեմբերին նամակ մը գրած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին՝ առաջարկելով կլոր սեղան կազմակերպել Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանականներուն մասնակցութեամբ։ Առ այդ, 22 հոկտեմբերին Ռուսիոյ Պետական տումային մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան արդի հիմնախնդիրները աշխարհա-քաղաքական նոր պայմաններուն մէջ քննարկումը։ Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արա Բաբլոյեան (Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն), Վարդան Բոստանջեան (Բարգաւաճ Հայաստան), Վահան Յովհաննիսեան (ՀՅԴ), Հերմինէ Նաղդալեան (Հանրապետական) եւ Վարդան Խաչատրեան (Ժառանգութեան նախկին ներկայացուցիչ)։







All the contents on this site are copyrighted ©.