2009-10-21 16:09:11

Lուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն - Արմենօֆասի հանդիպում Անթիլիասի մէջ


Lուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն - Արմենօֆասի հանդիպում Անթիլիասի մէջ
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ ՜՜Արմենօֆաս՝՝ հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Արմենօֆասը Զուիցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմուած հիմնադրամ մըն է։ Միութիւնը շարունակութիւնն է, տարբեր կառոյցով ու շեշտաւորումով, հայկական ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին հայ որբերուն ու աղքատներուն Զուիցերիացի ժողովուրդին կողմէ կատարուած օժանդակութեան։ Արմենօֆասը անցնող տասնամեակներու ընթացքին օգտակար հանդիսացած է յատկապէս Յունաստանի Առաջնորդարանին պատկանող Գոքինիոյ Ծերանոցին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական այլ ծրագիրներուն։
ԱՌԱՋԱՐԿ՝ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ
Թուրքիոյ զբօսաշրջական գործակալութիւններու միութեան ղեկավարներէն մէկուն կարծիքով, եթէ Աղթամար դառնայ գործող եկեղեցի՝ պիտի նպաստէ հոգեւոր զբօսաշրջութեան զարգացման։ Ըստ Մարմարա որաթերթի, ՜՜գործակալութիւնները կառաջարկեն Աղթամարի գմբէթին խաչ տեղադրել եւ եկեղեցին վերադարձնել հայ հաւատացեալներուն։ Անոնք յոյս ունին, որ տարին 2-3 անգամ եկեղեցական արարողութիւններ կատարուին, տարին մէկ անգամ Աղթամարի փառատօն կազմակերպուի, իսկ Հայաստանի զբօսաշրջական գործակալութիւնները ուխտագնացութիւններ կազմակերպեն դէպի Վան՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.