2009-10-20 13:35:41

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Ոչ մէկ բան չափազանց գեղեցիկ է Աստուծոյ համար


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Ոչ մէկ բան չափազանց գեղեցիկ է Աստուծոյ համար



Արսի եկեղեցին շատ պզտիկ էր եւ երբ Ժան Մարի հոն հասաւ, խղճալի վիճակի մէջ էր: 1818ին նոր փայտէ խորան մը կը գնէ, բայց ասիկա առժամեայ է. 1827ին զայն փոխարինէ մարմարէ խորանով մը:

Զարմանալու չէ, քանի որ Վիաննէի հաւատքը Քրիստոսի նլրկայութեան սուրբ նշխարին մէջ, վարդապետի հոգեկան կեանքի կեդրոնը կը կազմէ: Եւ այդ խորհուրդը կը պահուի Տապանակին մէջ:

-Եթէ հաւատք ունենայինք, մենք Քրիստոսը պիտի տեսնէինք սուրբ նշխարին մէջ, ինչպէս հրեշտակները զայն կը տեսնեն երկնքի մէջ: Ան հոս է: Մեզի կը սպասէ. – կ’ըսեր Վիաննէ:

Վիաննէ կը խորհի թէ ոչ մէկ բան չափազանց գեղեցիկ է Աստուծոյ համար:

Խորանէն ետք Ժան Մարի կը նորոգէ, կը գեղեցկացնէ ինչ որ կարեւոր է սուրբ պատարագը մատուցանելու:

Նոր զանգակատուն մը կը շինէ 1820ին եւ հոն կը կախեն երկու քաղցրաձայն զանգակներ: Իրեն համար զանգակատուն մը Աստուծոյ մէկ նշանն է: Ահա թէ ինչ կ’ըսէ.

-Երբ ճամբան ենք ու զանգակատուն մը տեսնենք, պէտք է մեր սիրտը բաբախէ, յիշելով թէ այդ կառոյցին վարը կը բնակի մեր սիրելի Փրկիչը:

Արդէն 1820ին Արսի ժողովրդապետութեան Աստուծոյ վերադարձը լայնօրէն սկսած է: Վարդարանի եղբայրութեան խումբը կը բազմապատկուի: Վիաննէ այր մարդոց համար ալ կը կազմէ Ս. Հաղորդութեան Եղբայրութիւնը: Ասոնք թէ կ’աղղօթեն եւ թէ կը հոգան եկեղեցիին կարիքները:

Կիրակիները հաղորդուողները կամաց կամաց սկսան շատնալ։ Շաբթուան մէջ քանի մը կիներ հաւատարմօրէն ներկայ կ'ըլլան սուրբ պատարագին եւ օրուան մէջ քիչ թէ շատ կ'այցելեն Ս. Հաղորդութեան։ Այր մարդիկ կը սկսին պահել Զատիկի օրէնքը եւ կամաց կամաց գիւղացիներու մեծամասնութիւնը խոստովանարան կը դիմեն։

Պարերը եւ Կիրակի օրուան աշխատանքը գրեթէ կը դադրին։

Տղաքը արդէն 7 տարեկանէն սկսեալ կը յաճախեն կրօնի դասերուն։ Հուսկ եղբայրութեան եւ իրարու օգնելու շարժումները կ'առատանան։

Չմոռնանք ըսելու սակայն, որ տակաւին մութ կէտեր կան Արսի կեանքի մէջ։ Վիաննէ դեռ չէ կրցած վստահութիւնը գրաւել երկվեցեակ մը երիտասարդներու, սպասաւորներու եւ օրը օրին ապրողներու։ Ասոնք ''Արդիական գաղափարներով'' են, տպաւորուած ֆրանսական Յեղափոխութեան նորօրինակ մտածողութենէն։

Բայց ոչինչ թիւ մը կը կազմեն եւ չեն կրնար խանգարել գիւղի դէպի սրբութիւն եւ կատարելութիւն յառաջընթացը։

Այնպէս որ ժան Մարի 1823ին կրնայ գրել իր հին բարեկամին` Գլոտին Ֆէյոյի.

''Կրնամ ըսել քեզի որ կը գտնուիմ փոքրիկ բայց կրօնասէր ժողովրդապետութեան մը մէջ, որ Աստուծոյ կը ծառայէ սրտով։''

Լեւոն ԺԳ. Սրբազան քահանայապետի կարգադրութեամբ, 1 Նոյեմբեր 1826ին յոբելինական հանդէսներ տեղի կ'ունենան բոլոր աշխարհի մէջ։ Արսի ժողովուրդն ալ կը մասնակցի այդ սրբազան ցոյցին ամէնաեռանդուն բարեպաշտութեամբ։ Մեր ժողովրդապետը ուրախութենէն այսպէս արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ բեմէն.

-Սիրելի եղբայրներ. Արսը այլեւս նոյն Արսը չէ, փոխուած է անիկա։ Անկեղծօրէն կ'ըսեմ ձեզի. Ոչ մէկ տեղ այսքան բարի տրամադրութիւններ չգտայ երբէք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.