2009-10-20 13:34:27

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Կարտինալ Տիաս` Ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչի պատարագը սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ սուրբ Յովհաննէս Լեոնարտիի մահուան Դ. դարադարձին առթիւ` Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ կ'ըսէ ''Սուրբ Յովհաննէս Լեոնարտի Քրիստոսի լոյսը սփռեց դժուար ժամանակներու մէջ''։



Կիրակի օրը ս. Պետրոս տաճարին մէջ պատարագ մատուցուեցաւ սուրբ Յովհաննէս Լեոնարտիի մահուան Դ. դարադարձին առթիւ։ Ան եղաւ հիմնադիրը կղերիկոսներու միաբանութեան։ Ս. Զոհը մատոյց կարտինալ Տիաս` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։ Պատարգիչ կարտինալը ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք կարդաց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը։ Սրբազան Հայրը ի մէջ այլոց կը գրէ. այս սուրբը Քրիստոսի հաւատարմութեան փարոսը եղաւ։ Ան իր ժամանակի մարդոց աշխատեցաւ ճանչցնել Քրիստոսի լոյսը ու Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը։ Պատարագիչ կարտինալը իր արտասանած քարոզին մէջ յիշեցուց դեղագործերու պաշտպան սուրբը Յովհաննէս Լեոնարտին աշխատեցաւ իր լուսաւոր կեանքով ցոյց տալ մարդոց Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը։ Ամբողջ իր կեանքը յատկանշուեցաւ Քրիստոսի փառքը հիւսելով։ Ան կ'ուզէր որ համայն Եկեղեցին միսիոնառ դառնար։ Արդարեւ այդ գաղափարէն ծնունդ առաւ հիմնարկութիւնը ''ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.