2009-10-20 13:34:45

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայրապետը միջազգային սրբացման՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ դասուելու ընթացքին մէջ է


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայրապետը միջազգային սրբացման՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ դասուելու ընթացքին մէջ է

Տասներկրորդ դարէն սկսեալ հայ եկեղեցւոյ սուրբերէն դասուող Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայրապետը քսանմէկերորդ դարուն արդէն միջազգային սրբացման եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ դասուելու ընթացքին մէջ է։ Արժէքները կարելի է ժամանակաւորապէս քողարկել, բայց աշխարհի երեսէն ի սպառ վերացնելը անհնար է։ Ժամանակը, արհաւիրքները եւ նոյնիսկ հարազատ բնօրրանէն արտաքսումը անզօր եղան Նարեկացի հայրապետը կասեցնելու սրբացման իր յաղթարշաւին մէջ։ Այսօր պահը հասած է իրերը իրենց անուններով կոչելու, ուստի անհրաժեշտ է պատմութիւնը վերախմբագրել՝ սրբագրելու համար մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ գործուած մեծ ու անընդունելի անարդարութիւնները։ Անարդարութիւնները սրբագրելու գործընթացի մէջ կարեւոր ու կենսական նշանակութիւն ունի մեր ազգի հոգեմտաւոր արժէքներու ու սրբութիւններու վերագնահատումը, արժէքներ, որոնք իրօք արժանի են իրենց պատուաւոր տեղը ունենալու համաշխարհային մշակոյթի գանձարանին մէջ։ Հայ ժողովուրդի ստեղծած մնայուն գործերու մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ս. Գրիգոր Նարեկացի հայրապետին արարած հոյակերտ ստեղծագործութիւնները։ Տասներորդ դարու հայ մտաւորականի վայել երկիւղածութեամբ ու աստւածապաշտութեամբ, միաժամանակ Վերածնունդի դարաշրջանին յատուկ լուսաւորութեամբ, հայ վանականը, շրջանցելով ժամանակն ու անցնելով երկրային դժոխքէն, կրցաւ տիրանալ երկնային դրախտը նուաճելու բանաձեւին։ Նարեկացիի Մատեան ողբերգութեան աղօթամատեանով քրիստոնէութիւնը առաւել նուիրագործուեցաւ հայոց լեռնաշխարհին մէջ եւ կապող լուսաւոր օղակը հանդիսացաւ 10-րդ դարէն մինչեւ յաւերժութիւն երկարող հայ քրիստոնէական մտքին ու հաւատքին։ Այս ճշմարտութեան գիտակցութիւնն է, որ հազարամեակ մը ետք հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրերը մղեց կազմակերպելու միջազգային մակարդակի գիտաժողովներ, որպէսզի հայոց հայրապետ Գրիգոր Նարեկացին իր ուրոյն ու մնայուն տեղը գրաւէ համաշխարհային սուրբերու օրհնեալ դասին մէջ՝ դառնալով Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.