2009-10-20 13:34:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի Եւրոպայի հասարակապետութեան նոր դեսպանի հաւարտարմագրերը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի Եւրոպայի հասարակապետութեան նոր դեսպանի հաւարտարմագրերը

Նորին Սրբութիւնը, երկուշաբթի օրը կէսօրին, հանդիսաւորապէս ընդունեց Եւրոպայի հասարակապետութեան նոր դեսպանը տիար Իվ Գածօ, որ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։ Անոր ուղղած ճառով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ Եւրոպան պէտք չէ թոյլ տայ որ իր մշակոյթի տիպարը քայքայուի։ Սրբազան Հայրը ի յայտ դրաւ թէ երբ Եկեղեցին կը յիշեցնէ Եւրոպայի քրիստոնեայ արմատները , ոչ թէ առանձնաշնորհումներ փնտռելու կամքով, այլ պատմանական ճշմարտութիւնը ի յայտ դնելու համար եւ յիշեցնելու թէ Եւրոպայի Միութեան հիմնադիր հայրերը քրիստոնեական արմատներու շնորհիւ կարողացան ի մի բերել եւրոպացի ժողովուրդները։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ Եւրոպան որպէսզի կարենայ պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը ու ռահվիրանի իր դերը շարունակէ հարկ է որ նախանձախնդիր ըլլայ իր քրիստոնեական արմատներուն։

Գալով Ափրիկէի եպիսկոպոսաց յատուկ երկրորդ սիւնոդոսի աշխատանքներուն, ափրիկեան սիւնոդոսը վերջին հանգրուանի մէջ կը գտնուի։ Սիւնոդոսական հայրերը ներկայացնելէ ետք իրենց առաջարկները սկսան պատարստել Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղելիք պատգամը, ինչպէս նաեւ քննարկել վերջին հաղորդագիրի թղթածրարը։ Եպիսկոպոսական սիւնոդոսը մեզի ցոյց տուաւ թէ գործնականապէս Եկեղեցին միակ մարմինն է որ կը պաշտպանէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու շահերը եւ մասնաւորապէս կը պաշտպանէ Ափրիկէն որպէս ցամաքամաս եւ անոր բոլոր երկիրները կը կազմեն մէկ ընտանիք անբաժան մարմին մարդկային ցեղին։



Ափրիկեան Ցամաքամասի Սիւնոդհոսը Վատիկանի մէջ։ Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։



ՓՂՈՍԿՐԷ ԱՓՈՒՆՔ։ Երկրի աւելի քան 19 միլոն ու կէս բնակիչներու հարիւրէն 37,6 Տոկոսը կը հետեւի ափրիկեան աւանդական կրօններու, հարիւրէն 31,8 տոկոսը քրիստոնեաներ , հարիւրէն 30,1 տոկոսը մահմէտականներ, իսկ հարիւրէն 0,5 տոկոսը այլ դաւանանքներու կը պատկանի։ Ընկերկցութիւնները եւ կրօնաւորական խումբերը պէտք է որ արձանագրուին Ներքին Գործոց Նախարարութեան մօտ։ Փղոսկրէ Ափունքի մէջ կան 3.660.000 կաթողիկէներ. Անոնք ունին եկեղեցական 15 գաւառներ եւ 21 եպիսկոպոսներ,իսկ թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու թիւը 383 է։



Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հետեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.