2009-10-20 12:47:20

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։





ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԻՋԵՒ։

Երկուշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2009-ին, Արամ Ա կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը ընդգրկեց շարք մը հարցեր։ Յանուն սուրիահայ համայնքին Վեհափառը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, հայ ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ սուրիական պետութեան եւ յատկապէս նախագահին ցուցաբերած սիրոյն եւ ուշադրութեան համար։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ նախագահ Ասատ, իր կարգին, գնահատանքով արտայայտուեցաւ սուրիահայութեան դրական ներկայութեան մասին՝ երկրի ընկերային թէ տնտեսական կեանքի բարգաւաճման բերած իր նպաստին համար։ Իր կարգին, Վեհափառը յիշեց սուրիացի արաբ ժողովուրդին ասպնջական ոգին, որով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները կրցան վերակազմակերպել իրենց եկեղեցական ու ազգային կեանքը Սուրիոյ մէջ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ եւ արաբ ժողովուրդներու մնայուն բարեկամութեան երաշխիք համարեց սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած այս ոգին ու հոգածութիւնը, հայ ժողովուրդի զաւակներու ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին։ Վեհափառին եւ նախագահ Ասատին խորհրդակցութիւնները ընդրկեցին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գծով ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Այս գծով Վեհափառը կարեւորութեամբ յիշեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ Այս հանդիպման Վեհափառին ընկերացան Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Տարօն Աւետիսեան, Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ տոքթ Մանուկ Իսկենտերեան, պետական երեսփոխան Սմբուլ Սմբուլեան, եւ Դամասկոսի ազգայիններէն Մեսրոպ Շիրանեան։

ԻՍՐԱՅԷԼ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱՆ։ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ։

՝՝Փրես Թի.Վի՝՝ պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ սպառնացած է Թուրքիոյ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր պիտի հրապարակէ։ Կայանը կը նշէ, որ այս սպառնալիքը կուղղուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ ստեղծելու ենթահողին վրայ։ Վերջերս Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարող իսրայէլացի ուսանողներ հայերու եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնները դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած էին։ Իսրայէլեան ՝՝Հաարեց՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սպանիոյ վարչապետ Խոսէ Լուիս Զափաթերոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ չի հաւատար, թէ ՝՝Թուրքիան կրնայ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ ազնիւ միջնորդ ըլլալ՝՝։



ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստան պիտի մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համաործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի՝ 22 հոկտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին։

Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արման Կիրակոսեան։



ՀԱՅԱՍՏԱՆ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան "News.am"ի կը յայտնէ, որ նախքան խորհրդարանի մէջ վաւերացուիլը՝ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները պիտի քննարկուին սահմանադրական դատարանին մէջ։



ՌՈՒՍԻԱ։ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրքիոյ նախագահ Կիւլ 19 հոկտեմբերին Մետվետեւի հեռաձայնած է։ Քննարկուած են կովկասեան խնդիրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.