՜՜ԽԱՉՔԱՐԻ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝՝ ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՐԳԸ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՈՉ
ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ։
Հայաստանի մշակոյթի
փոխնախարար Արեւիկ Սամուէլեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցած
է դիտորդի կարգավիճակով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան
միջկառավարական կոմիտէի 4-րդ նստաշրջանին։
Հայաստանի պատուիրակութեան առաջարկութեամբ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու
համար ներկայացուած է Խաչքարի վարպետութիւն անուանակարգը, որ ընդունուած է առաջին ընթերցումով,
իսկ մինչեւ նոյեմբեր 15 Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն անհրաժեշտ դիտողութիւններով
նամակ ստանալէ եւ սրբագրութիւններ կատարելէ ետք պիտի նշանակէ փորձագէտներ։ Նշենք , որ
2005-ին Հայաստանի ներկայացուցած ՜՜Տուտուկը եւ իր երաժշտարուեստը՝՝ անուանակարգը արդէն
իսկ ընդունուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ցուցակին մէջ եւս։ Հայկական պատուիրակութիւնը
ներկայացած է քանի մը ելոյթներով, որոնք դրական ընդունելութիւն գտած են նստաշրջանի մասնակիցներուն
կողմէ։
Նստաշրջանի ընթացքին քննարկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային
ժառանգութեան պահպանութեան միջկառավարական կոմիտէի պայմանագիրի մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու
հարցը, նաեւ ուսումնասիրուած են կոմիտէի Գ. նստաշրջանին ոչ նիւթական արժէքներու ցուցակին
մէջ ընդգրկուելու տարբեր երկիրներու ներկայացուցած ծրագիրները։ Նաեւ ներկայացուած է
անհրաժեշտ պահպանութեան կարիք ունեցող արժէքներու ցուցակը, ու միջազգային՝ մինչեւ 25
հազար տոլար եւ աւելի օգնութեան կարիք ունեցող արժէքներու դիմումներու հարցը։ Հայկական
պատուիրակութիւնը բարձրացուցած է նաեւ Հայաստանի՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային
ժառանգութեան պահպանութեան կոմիտէի կազմին մէջ ընդգրկման հարցը, եւ այդ առընչութեամբ՝
քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 2010 -ի յունիսին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր նիստի
ընթացքին։ Աւելցնենք որ նստաշրջանին մասնակցած է աւելի քան 450 մասնագէտ՝ 103 երկիրներէ,
որոնցմէ 25-ը կոմիտէի անդամ երկիրներէ են։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան
պահպանութեան միջկառավարական կոմիտէի 5-րդ նստաշրջանը, ըստ նիստի աւարտին ձեռք բերուած
համաձայնութեան, տեղի պիտի ունենայ 2010-ի նոյեմբերին, Քենիոյ մէջ։