2009-10-16 14:26:23

Լուրեր հայ աշխարհէն


Այսօր Հայաստանի մէջ մամուլի օրը կը նշուի

Հոկտեմբեր 16-ը Հայաստանի մէջ Հայկական մամուլի օրն է, ի յիշատակ 1794թ Հոկտեմբերին Մատրասի մէջ (Հնդկաստան) լոյս տեսած առաջին հայկական տպագիր պարբերական՝ Ազդարարի հրատարակութեան Հայ մամուլի Օրուան ընտրութիւնը պատահական չէ ի հարկէ։ Կը յուշէ հայկական առաջին տպագիր մամուլին՝ Ազդարարի անդրանիկ թիւին հրատարակութիւնը, շնորհիւ Յարութիւն Քհն. Շմաւոնեանի ջանքերուն։ Ազդարարը Հայաստանէն հեռու, սփիւռքեան մէկ անկիւնը մտայղացուած, ձեռնարկուած եւ հունաւորում բացած երեւոյթ է եւ ։ Եւ իբրեւ այդպիսին՝ հայաստանեան սահմաններուն մէջ մնալու պատճառները չունի։ Նման մեկնարկի ամբողջ խորհուրդը իրաւամբ պարունակող տօն է Հայ մամուլի օրը, որ հայկական հարթութիւններու վրայ համաշխարհայնացման անհրաժեշտութեան դիմաց է։ Առաջին քայլերը այդ ուղղութեամբ կ'երեւին արդէն։

Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը կազմակերպած է մամլոյ լսարաններ այս օրուան առիթով եւ ներառած՝ նաեւ սփիւռքեան թերթերու մասին անդրադարձներ, գնահատականներ, արժեւորումներ եւ յաւուր պատշաճի քննարկումներ։

Օննիկ եւ Արա Տինքճեան Տիարպաքըր կ'այցելեն

Եթէ օտար երկիր մեռնիմ, Տիյարպա գըր թաղեցէք կտակած էր քրտերէնի մեծ երգիչ Արամէ Տիգրան։ Չիրականացաւ այդ կտակը, փոխանակ բազմաթիւ մարդկանց ջանքերուն։ Սակայն նոր հանդիպում մը, նոր գրկախառնում մը կու գայ անկատար կտակին պատճառած կսկիծը մեղմացնելու։

Տիյարպագըր հիւրընկալեց Միջագետքի ընկերային համագումարի (Մէզոփոթամիա Սոցիալ Ֆորում) մասնակիցները։ Չորսօրեայ ծրագրին մէջ տասնեակ ժողովներու կողքին, տեղ տրուեցաւ նաեւ համերգներու։ Անհամբեր սպասուած համերգներէն մէկն ալ՝ Օննիկ եւ Արա Տինքճեաններու ելոյթն է։ Հայր ու որդի Տինքճեանները Քարտէշ Թիւրքիւլէր խումբին հետ բեմ ելլան, անգամ մը եւս հնչեցնելու համար հայ երգը, Տիգրանակերտի մէջ։ Դժուար չէ ենթադրել թէ՝ որբացած Սուրբ Կիրակոսի պատերը անգամ մը եւս սփոփանք գտան, պանդուխտ որդիներուն այցելութիւնով։ Իսկ որդիները՝ ուխտ մը կատարեցին, այդ պատմական տաճարի անծածկ կամարներուն տակ երգելով Տէր Ողորմեան կամ Հաւատամքը։

Վերջապէս Տիարպաքըր հասան հայրն ու որդի, որոնց ապրումներուն մէջ եզակի պիտի մնան այն ժամանակահատուածները, որ կիսեցին հոն։ Յուզումնալի պահեր էին երբ Օննիկ իր ծնողաց վկայութիւններով կը յիշէր քաղաքը։ Ինք ծնած էր Փարիզ։ Առաջին անգամ ըլլալով հինգ տարի առաջ այցելած էր Տիյարպաքըր։ Բայց երբ ասորի եկեղեցւոյ բակին մէջ կը զրուցէր բնիկ ըիճեցի՝ տիկին Պայծառին հետ Տիգրանակերտի բարբառով, որդին՝ Արան փսփսաց Ահա՛ հիմա տունն ենք։

Մանկութենէն այս կողմ լսածները մէկ-մէկ կը կենդանանային։ Ս Կիրակոսի բակի աւազանը տեսնելով՝ կը վերյիշէր հօրը մանկութենէն դրուագներ, որոնք զինք կը տանէին իր մանկութեան օրերուն։

Օննիկ Տինքճեան ծնած է Փարիզ, իսկ որդին Արա՝ Միացեալ Նահանգներ։ Տիյարպագըրը կը մնայ որպէս ծնողաց երկիր, նախնիներու վաթան։ Բայց հայու յատուկ պատկանելութեան զգացումն է՝ որ այդ երբեմնի հայրենիքին կը կապէ արտակարգ ձգողութեամբ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.