2009-10-16 14:28:46

էջ մը հայ երաժշտութենէն


Այսօր պիտի խօսինք հայազգի ջութակահար Հերի Զարացեանի մասին

Ամերիկահայ տաղանդաւոր ջութակահար Հերի Զարացեան ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) հայրը հայ էր իսկ մայրը յոյն։ Փոքր տարիքին ծնողաց հետ տեղափոխուած է Ամերիկային Միացեալ նահանգներ, անուանի երաժիշտներու մօտ երաժշտական նախնական ուսուցումը ստանալէ ետք յաճախած է Պոսթընի երաժշտանոցը աւարտելով Ճիւլիարտ վարժարանի երաժշտական դասընթացքը։ Պատերազմի տարիներուն ան կազմած է լարային քարեակ մը եւ համերգներ տուած ամերիկեան բանակին համար։

1943-ին Զարացեան նշանակուած է Պոսթընի նուագախումբի առաջին ջութակահար ապա 1944-ին ընտրուած է Նիւ Եորքի ֆիլհարմոնիայի առաջին ջութակահար։ Յաջող համերգներով հանդէս եկած է զանազան երկիրներու մէջ ՜՜Եւրոպա, Սովետական Միութիւն, Ճափոն, Գանատա, Պրազիլ ու Ազորեան կղզիներ՝՝ մեծ գնահատանքի արժանանալով։ Բացի օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները ան նաեւ կազմակերպած է հայկական երաժշտութեան նուիրուած նուագահանդէսներ ապրած եւ գործած է Նիւ Եորքի մէջ ամուսնացած է ծանօթ երաժշտագէտ ու դաշնակահարուհի Ռիթա նշանեանի հետ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.