2009-10-16 13:12:02

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՌՈՒՍԻԱ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ։
Մոսկուա, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն կոչ կուղղէ՝ կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնելու 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ Ռուսական ՝՝ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեստերենքօ (երէկ) յայտարարած է, որ արձանագրութիւններու ստորագրումը առաջին քայլն է յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին։ Անհրաժեշտ է, որ կողմերը կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնեն այդ փաստաթուղթերը եւ անցնին անոնց գործնական իրականացմանը։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆ՝ ՕՐՀԱՆ ՓԱՄՈՒՔԻՆ ՝՝ԱՆԳԱՐԱ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԿԱՏԱՐԷ՝՝։
Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ դադրեցնելու Օրհան Փամուքի դէմ դատական հետապնդումները, եւ արագացնելու բարեփոխումներու ընթացքը, որպէսզի մեծնայ Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութեան հաւանականութիւնը։
Արդարեւ, Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերու յանձնաժողովը նախանցեալ օր հրապարակեց Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին վերաբերեալ իր տարեկան զեկոյցը։ Հոն կը հաստատուի, որ թէեւ Անգարա որոշ բարեփոխումներ կատարած է մարդկային իրաւունքներուն ու քրտական հարցին վերաբերեալ, բայց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն տակաւին կը մնայ կատարել հսկայական աշխատանք՝ երկիրը Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելու համար։ Թէեւ զեկոյցին մէջ չէ ներառնուած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, բայց եւ այնպէս Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Օլի Ռէն ոգեւորութեամբ խօսեցաւ սոյն ՝՝յարաբերութիւններու ՝՝ մասին եւ ընդծեց,
անհրաժեշտութիւնը, որ հնարաւոր արագութեամբ անիկա յանգի յարաբերութիւններու լիակատար բնականոնացումին։ Օլի Ռէն նաեւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ բոլոր միջոցներով պաշտպանելու Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը՝ իր խօսքի ազատութիւնը կաշկանդող դատական հետապնդումներէն։

ՌՈՒՍԻԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿՈՂՄ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ (ԿԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ)։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն բարձր գնահատեց Մոսկուայի մէջ կայացած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւնները։
Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քլինթըն յայտարարեց, որ կողմերը կատարած են համապարփակ եւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ, որոնք արդիւնք են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եղած յարաբերութիւններու վերջին ամիսներու վերափոխման, այսինքն՝ հնարաւոր ընդհանուր դիրքորոշում գտնելու փնտռտուքները, հասարակաց հետաքրքրութիւններու ուղիով ընթանալը եւ իրարու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը։ Քլինթըն այդ աշխատանքի արդիւնքներէն մէկը նկատած է 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ Ընդամէնը երեք օր առաջ Սերկէյը եւ ես Ցիւրիխի մէջ միասին կաշխատէինք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած պատմական արձանագրութիւններու ստորագրման ուղղութեամբ։ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կողմ են այս գործընթացին։ Ասիկա Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութեան մէկ յաւելեալ օրինակ է( նշած է Հիլարի Քլինթըն) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.