2009-10-15 14:03:13

Կրօնաբարոյական հարցեր - Ինքնավստահ Խօսքը


Կրօնաբարոյական հարցեր - Ինքնավստահ Խօսքը

Կասկածը, նոյնիսկ մեր սեփական խօսքին նկատմամբ, կու գայ համոզումի պակասէն, որ կը տկարացնէ ո՛չ միայն մեր խօսքին արժէքը, այլեւ՝ մեր անձի՛ն արժանաւորութիւնը: Իր խօսքը համոզիչ դարձնելու համար, նախ անձը ի՛նք պէտք է համոզում գոյացուցած ըլլայ իր ըսածին մասին: Այս խօսքին ճշմարտութիւնը այնքա՛ն յստակօրէն կ՛երեւի, յատկապէս կրօնքի քարոզութիւն կատարող անձերու մօտ: Այստեղ իսկապէս իր ըսածին համոզումը ունեցող անձին, եւ պարզապէս պարտականութեա՛ն սիրոյն իր քարոզութիւնը կատարող անձին խօսքը մեծ տարբերութեամբ ազդեցութիւն կ՛ունենան ունկնդիրներուն վրայ: Առաջինին պարագային, ներքին համոզումը պատճառ կը դառնայ խօսքին ուժականութեան ու անմիջական ազդեցութեան, իսկ երկրորդին պարագային՝ նոյնիսկ յաւելեալ ամէն ճիգ կեղծ կը թուի ու ձեւական: Բարոյագիտական օրէնքներէն մէկը կ՛ըսէ՝ եթէ նուազագոյն գաղափարը ունենաս թէ ի՞նչ կը խօսիս, պիտի զարմանաս, երբ տեսնեն թէ ինչքա՜ն բարեկամներ շահած ես, ու ինչպէ՛ս ազդեցութիւն կ՛ունենայ խօսքդ մարդոց կեանքին վրայ: Խորիմաստ մտածում մը կայ պահուած այս նախադասութեան մէջ, ուր մարդկային խօսքին արժէքը կը չափուի իր խորութեամբ ու լայնութեամբ: Յիսուսի մտածողութեան մէջ անհրաժեշտ «չափագրութիւնը» կը կատարուի մարդուն բերանէն ելած խօսքին, որ «Այո՛»ի ու «Ո՛չ»ի պարզ յստակութեամբ կը դրուի այնտեղ: «Ձեր Այո-ն Այո՛ թող ըլլայ, ու Ոչ-ը՝ Ո՛չ»: Մարդու խօսքին ուժգնութիւնը, անոր յստակութեան մէջ է: Աւետարանին մէջ այլ տեղ մը, դարձեալ յստակութիւն պահանջելով՝ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատկանելիութիւնը կ՛ուզէ ճշդել, երբ կ՛ըսէ, թէ պէտք է յստակ գիտնան՝ որո՞ւ պիտի ծառայեն: Երկու տէրերու կարելի չէ՛ ծառայել, կ՛ըսէ ան, որովհետեւ այդ պարագային անպայման մէկը պիտի ատես ու միւսը սիրես, կամ մէկը պիտի մեծարես իսկ միւսը՝ արհամարհես։

Լսուած խօսք է, թէ երբ գիտես խօսելիքդ՝ բառերը իրարու կը շարահիւսուին քու կամքէդ անկախ, ու այնքան գեղեցկօրէն: Բայց երբ մտքիդ մէջ յստակ չէ՛ ըսելիքդ, ինչքա՛ն ալ լաւ բառեր օգտագործես, նախադասութիւն չի՛ կազմուիր ու խօսքդ անհասկնալի բառակոյտ մը կը դառնայ: Խօսքին յստակութիւնը շատ բարեկամներ կը շահի: Որովհետեւ ամէն մարդ կը սիրէ ճշմարտութիւնը: Մարդկային հոգին բաց պատուհան մըն է դէպի ճշմարտութիւն ու իր ամբողջ կարողականութեամբ զայն կ՛ուզէ գտնել եւ գրկել: Խօսքի յստակութեան պակաս ի յայտ կու գայ նաեւ այն պարագային, երբ ամօթխածութեան հետեւանքով, ենթական չի կրնար ուղղակի նիւթին անցնիլ, այլ կը շրջագայի անոր շուրջ՝ աւելի հեռանալով իր միտքը տանջող բուն հարցէն: Երբեմն մէկ բառով իր միտքը հասկցնելու համար, քանի մը տասնեակ բառեր իրարու քով կը շարէ, առանց սակայն կարենալ ըսելու անոնց հոմանիշ եղող միակ բառ մը, որ բուն իսկ իր մտածումը կ՛արտայայտէ…: Ինքնավստահ խօսքը կրնայ մարդոց կեանքը յեղաշրջել: Պատմութեան ընթացքին, հոգեւոր թէ քաղաքական ղեկավարներ յաջողութիւն գտած են այն ժամանակ, երբ իրենց խօսքը եղած է յստակ, ներքին համոզումով երաշխաւորուած ու ինքնավստահ: Անձնական շահու վրայ հիմնուած խօսքը կը նուազեցնէ զայն արտասանողին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող յարգանքը, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, կամ ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ տուեալ ենթական: Իսկ անձնական շահէն դուրս՝ հաւաքական բարիքին ու ընդհանրական շահուն հետապնդումը եղող խօսքը, զայն արտասանողը արժանի կը դարձնէ մեծարման: Ան կը դառնայ պաշտպանը ընկերային կեանքի արդարութեան, որուն հետեւանքով փոխյարաբերական կեանքը կը դառնայ աւելի հեզասահ ու աւելի՛ մարդկային: Ինքնավստահ խօսքին արժէքը վեր է ամէն տեսակի գնահատանքէ: Իսկ այդ խօսքը համոզումով արտասանող մարդը այնքան գիտակից կ՛ըլլայ ու զգօն, որ կարիքը չի զգար գովեստի, ոչ ալ կը վախնայ անարգանքէ ու ընդդիմախօսութենէ…:







All the contents on this site are copyrighted ©.