2009-10-15 14:02:09

Ափրիկեցի Եպիսկոպոսներու Սիւնոդհոսը՝ նուիրուած Ափրիկեան Ցամաքամասին։ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ`Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսային միջամտութիւնը հայոց գաղթը նիւթին մասին։


Ափրիկեցի Եպիսկոպոսներու Սիւնոդհոսը՝ նուիրուած Ափրիկեան Ցամաքամասին։ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ`Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսային միջամտութիւնը հայոց գաղթը նիւթին մասին։

Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ`Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսային միջամտութիւնը հայոց գաղթը նիւթին մասին։
Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդը, միակ հայ եկեղեցականը, որ կը մասնակցի Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն, Սրբազան Քահանայապետի ու սիւնհոդոսական Հայրերու առջեւ պարզեց հայ ժողովուրդի քրիստոնեական հաւատքի վկայութիւնը դարերու հոլովոյթին, սկսեալ Վարդանանց պատերազմէն մինչեւ առաջին աշխարհամարտը, ուր 1915 թուականին թուրքերու ձեռքով նահատակուեցան շուրջ 1.5 միլիոն հայորդիներ իրենց քրիստոնեական հաւատքին ու հայկական ինքնութեան համար։ Այս վերջին մեծ եղեռնի հետեւանքով հայերը ցիր ու ցան եղան նախ Միջին Արեւելք ապա աշխարհի չորս ծագերը։ Հայ Եկեղեցին հետեւելով պանդուխտ իր զաւակներուն, հիմնեց եկեղեցի ու դպրոց պահպանելու իր ժողովուրդին հաւատքն ու մշակոյթը, աւանդութիւններն ու բարքերը։
2001ին տօնախմբեցինք հայոց մկրտութեան 1700ամեակը։ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբազան Քահանայապետը երանելի հռչակեց Մարտինի առաջնորդը արքեպիսկոպոս Ինքնատիոս Մալոյեան` նահատակը 1915-ի ցեղասպաննութեան։
Հետեւելով Քրիստոսի կանչին` ներելու թշնամիները, Հայաստանի կառավարութիւնը, կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցապետերը հրապարակաւ ներումի ներգործութիւն կատարեցին թուրքերուն, անոնցմէ խնդրելով ճանչնալ ցեղասպանութիւնը ու մեծարել նահատակներու յիշատակը, ու հայերուն ճանչնալ քաղաքացիական, կրօնական ու քաղաքական իրաւունքը։ Հաշտութեան ուղղին երկու պետութիւններու միջեւ արդէն իսկ սկսաւ եւ այս պատճառաւ կոչ կ'ուղղեմ քաղաքական պատասխանատուներու որպէսզի նեցուկ կենան մեր այս նախաձեռնութեան ու ընդառաջեն Ափրիկէի Եկեղեցւոյ պահանջներուն։
Իր կարգին կարտինալ Թուրքսոն իր կատարած միջամտութեան ընթացքին ըսաւ Ափրիկէի եկեղեցին իր առաքելական ծագումով հպարտ է ու իր նախահայրերով կը պանծանայ։ Ափրիկէի Եկեղեցին որպէսզի աւելի զօրաւոր ու ամուր դառնայ հարկաւոր է որ վերամտածէ իր գոյութիւնն ու առաքելութիւնը ճշմարտութեան ու հաւատարմութեան մէջ։ Եկեղեցին` Աստուծոյ ընտանիքը Ափրիկէի մէջ պէտք է ներսէն բաերփոխուի որպէսզի կարենայ բարեփոխել ցամաքամասը։ Հուսկ կարտինալը դատը պաշտպանեց ափրիկեցի կնոջ, հրաւիրելով սիւնոդոսական Հայրերը անսալուն ափրիկեցի կնոջ ցաւի աղաղակին։
Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ ԳԱՄԷՐՈՒՆ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ կրօնքի ազատութիւն։ Գամէրունի 17 միլիոնէն քիչ աւելի բնակիչներու հարիւրէն 54,2 տոկոսը քրիստոնեաներէ կազմուած է ,հարիւրէն 23,7 տոկտոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու կը հետեւի,ապա հարիւրէն 21,2 տոկոսը իսլամ է իսկ հարիւրէն 0,9 տոկոսը ալ կրօններու կը հաւատայ։ Կրօնաւորական խումբերը պէտքէ որ արձանագրուին Հողամասային Իշխանութեան Նախարարութեան մօտ։ Գամէրունի կաթողիկէներու թիւն է 4.842.000. կան եկեղեցական 24 գաւառներ,եւ 29 Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւննրը կը հաշուէն 727,իսկ առանց քահանայի ժողովրդապետութիւններու թիւը 81 է։
Ծանօթութիւն -Ռատիովատիկանի կայքը -

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org . (SINODO DEI VESCOVI . II ASSEMBLEA SPECIALE PER L'AFRICA) կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը’ www. radiovaticana.org :

 







All the contents on this site are copyrighted ©.