2009-10-15 13:03:48

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊՒՐՍԱՅԻ ՄԷՋ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի ազգային խումբերու մրցումը դիտելու համար յետ միջօրէին հասաւ Պուրսա։ Նախագահին կընկերակցէին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, արտաքին գործոց փոխնախարարներ Արման Կիրակոսեան եւ Շաւարշ Քոչարեան, նախագահի աշխատակազմի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ։ Մէկ միլիոն բնակչութիւն ունեցող Պուրսայի մէջ ներկայիս հայեր չկան, սակայն քաղաքը 18-րդ դարուն 90 հազար հայ բնակչութիւն ունեցած է։ Նոյնիսկ տեղւոյն կերպասներու գործարանը ղեկավարած են հայերը։ 1912-ին Պուրսա նահանգին մէջ բնակած են 82 հազար հայեր, որոնց 10 հազարը՝ նահանգի մայրաքաղաքին մէջ։ Պուրսայի մէջ հայկական յուշարձաններ բնականաբար գոյութիւն ունեցած են, սակայն չեն պահպանուած։ Մինչ այդ նախագահ Սարգսեանէն առաջ Պուրսա հասած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ։ Երկու նախագահներու ժամանման ընթացքին Պուրսայի օդակայանին մէջ ելք ու մուտքը արգիլուած էր։
Օդակայանին մէջ նախագահ Սարգսեանը դիմաւորող թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու։ Թրքական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Իւնալ Չեւիքէօզ, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է։ Խումբ մը թուրք աշակերտներ նախագահ Սարգսեանին ծաղիկներ յանձնեցին ։ Թրքական պատուիրակութիւնը ողջունելէ ետք, Հայաստանի նախագահը կանգ առաւ Պուրսայէն ժողովրդային պարերու փոքրերու պարախումբի մը պարը դիտելու համար։ Իսկ ՝՝Ալմիրա՝՝ պանդոկին մէջ Հայաստանի նախագահին այցելեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ։ Անոնց միջեւ կայացած դռնփակ տեսակցութենէն ետք տեղի ունեցած է երկու կողմերու պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդարձակ հանդիպում մը, որ տեւած է 40 վայրկեան, սակայն լրագրողներուն մուտքը ագրիլուած է։ Ըստ տեղեկութիւններուն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հետագայ զարգացումներուն առնչուող հարցեր։ Թուրքիոյ նախագահը իր պաշտօնակիցին յայտնած է, որ 21 հոկտեմբերին խորհրդարանին պիտի ներկայացուին 10 հոկտեմբերին երկու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութեան համաձայն, հանդիպումէն ետք Կիւլ ըսած է, որ Հայաստանի հետ գործընթացը չափազանց կարեւոր զարգացում էր։ Ըստ թրքական գործակալութեան, ան նաեւ օգտաործած է հետեւեալ նախադասութիւնը ՝՝Մենք չենք գրեր պատմութիւնը, մենք կը կերտենք զայն՝՝։ Նշենք, որ մարզադաշտին մէջ դիւանագիտական անձնակազմի համար վերապահուած էին 150 աթոռներ , լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար՝ 400 աթոռներ, թուրք համակիրներուն համար 3000 աթոռներ, իսկ 18 հազար աթոռ հաշուող Պուրսայի մարզադաշտի մնացեալ աթոռները գրաւեցին ոստիկաններն ու թրքական բանակի սպայից վարժարանի աշակերտները։ ՖԻՖԱ-ի օրէնքին համաձայն, հայ համակիրներուն վերապահուած էր հազար աթոռներ։ Պուրսայի մէջ երկու նախագահներու այցելութեան առիթով որդեգրուած են ապահովական խիստ միջոցառումներ։ 1500 ոստիկաններ ստանձնած են մարզադաշտի ապահովութեան հսկողութիւնը։ Երկու նախագահներու անվտանգութիւնը ապահովեցին 70 թիկնապահներ։
Ինչպէս ծանօթ է Պուրսայի նահանգապետը քանի մը օր առաջ կը յայտարարեր որ Ազրպէյճանի դրօշները պիտի արգիլուին, սակայն աւելի ուշ(նախ քան հանդիպումը) ան յետս կոչեց իր այս որոշումը(ինչպէս որ երէկ կը տեղեկացնէին թրքական թերթերը) ։ Բայց եւ այնպէս ՖԻՖԱ-ն թուրք համակիրներուն արգիլեց խաղին ընթացքին Ազրպէյճանի դրօշակներ բարձրացնելը։ Ֆութպոլի Համաշխարհային միութիւնը սպառնացած է պատժամիջոցներու դիմել՝ եթէ իր այս որոշումը չգործադրուի։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԹՈՒՐՔ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑՆԵՐԷ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ։ Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝՝ օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ խումբ մը ազրպէյճանցի նախարարներ Անգարա գացած են՝ ջանալով համոզել թուրք օրէնսդիրները՝ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը յետաձգելու։ Ազրպէյճանի խորհրդարանէն 11 անդամներ երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեհմեթ Ալի Շահինի հետ։ Երեսփոխանները թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն խնդրած են Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները չվաւերացնել մինչեւ որ հայկական ուժերը ազրպէյճանական հողամասերէն չհեռանան։







All the contents on this site are copyrighted ©.