2009-10-14 14:31:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Հայրը, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Երանաշնորհ Պետրոսի վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Երանաշնորհ Պետրոսի անձնականութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Գլընի աբբայարանի մեծ աբբահայրերու սրբութիւնը։ Երանաշնորհ Պետրոս ծնած էր շուրջ 1094-ին ֆրանսայի Օվերն քաղաքը։ Ան երկար տարիներ Սոքսիլանգը աբբայարանը ապրելէ ետք . 1122ին Գլընի Աբբայարանի աբբահայր ընտրուեցաւ եւ հոն մնաց մինչեւ իր մահը՝ 1156ին։

Երանաշնորհ Պետրոս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեր ժամանակաից մարդոց համար կը մնայ ՜՜կեանքի օրինակ՝՝, մեր ժամանակը յատկանշուած խելացնոր ապրելակերպով, ուր անհանդրժողութիւնը, բաժանումները ու ընդհարումները յաճախակի են։ Անոր կեանքի վկայութիւնը կը հրաւիրէ մեզ միացնելու ՜՜աստուածսիրութիւնը եղբայրսիրութեան՝՝ եւ բնաւ չյոգնիլ եղբայրակցութեան ու հաշտութեան կապեր վերհաստատելու։

Երանաշնորհ Պետրոս, յատուկ բարեպաշտութիւն ունեցաւ Ս. Հաղորդութեան ու Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հանդէպ։ Անոր աստուածաբանութիւնը ունէր որպէս արմատ աղօթասիրութիւնն ու ծիսակատարութիւնը։ Քրիստոսի խորհուրդներէն կը նախասիրէր Պայծառակերպութիւնը։ Անոր բարեպաշտութիւնը կը կեդրոնանար Քրիստոսի փառաւոր ու պայծառ դէմքին վրայ, ուր իր ցնծութիւնը կը գտնէր ծիսակատարութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով թող Երանաշնորհ Պետրոսը մեզ ուղղէ սրբութեան այդ ճամբու վրայ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ իրենց կարգին իրենք ալ ըլլան վկաները Աստուծոյ ողորմութեան, մասնաւորապէս հանդէպ ընչզրկերուն եւ փոքրերուն։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնելով թէ վաղը եկեղեցի կը յիշատակէ տօնը Ավիլայի սրբուհի Թերեզային, Եկեղեցւոյ վարդապետին. անոր օրինակին հետեւեցէք ան չէր բաժնէր սէրը ճշմարտութենէն ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։

Եւ այժմ լսենք Երուսաղէմի վիճակաւոր գերապայծառ Ռափայէլ Մինասիանի խօսքը Սրբազան Քահանայապետի Փրակա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ու Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ յատուկ սիւնոդոսի մասին։

RealAudioMP3

Ծանօթութիւն -Ռատիովատիկանի կայքը -

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ www. radiovaticana.org . (SINODO DEI VESCOVI . II ASSEMBLEA SPECIALE PER L'AFRICA) կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը’ www. radiovaticana.org :

 







All the contents on this site are copyrighted ©.