2009-10-14 12:37:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։
Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի եօթներորդ հանդիպումը, Մոսկուայի մէջ։ Մետվետեւ ողջունած է պարբերական երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ շեշտած է, թէ իրենք կարելիութիւն ունին քննարկելու ինչպէս երկկողմանի յարաբերութիւնները, այնպէս ալ միջազգային օրակարգին առնչուող հարցեր եւ շրջանային խնդիրներ։ Ռուսիոյ նախագահը Սարգսեանին առաջարկած է միասին մտածել երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքա-շրջանառութիւնը զարգացնելու մասին, որ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր 20 առ հարիւր տոկոսով։ Մետվետեւ Սարգսեանին շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ շրջանային կապերու աշխուժ ամրապնդման համար։Իր կարգին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման գործընթացին մէջ անձնական ներգրաւուածութեան համար, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման աջակցելու համար։ Երկու նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւնները եւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան վերաբերող հարցեր։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թուրք ժողովուրդը Հայաստանի նախագահը պիտի ընդունի անոր վայել հիւրընկալութեամբ։ Ան համոզուած է, որ ֆութպոլի խաղին ընթացքին թուրքերը պիտի դրսեւորեն մեծ երկրի քաղաքացիներու վայել կեցուածք։ Էրտողան հաստատած է, որ Հայաստանի նախագահն ու մարզիկները պիտի տեսնեն թէ ի՛նչպէս է թրքական հիւրընկալութիւն։ Միւս կողմէ Պուրսայի Աթաթուրք մարզադաշտին վրայ կայանալիք Թուրքիա - Հայաստան խաղին տոմսերը դրուած են յատուկ հսկողութեան տակ։ Պուրսայի նահանգապետ Շահապետեն Հարփուրի ըսած է, թէ խաղի ընթացքին թրքական դրօշակէն բացի ոչ մէկ դրօշակ, ցուցապաստառ կամ առարկայ արտօնուած է։ Մենք չենք ձեռնարկեր այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կրնան խայտառակել մեր պետութիւնն ու Պուրսան(ըսած է ան)։Բայց վերջին վայրկեանի մեր (ռատիոյ վատիկան) տեղեկութեանց համաձայն ազատ պիտի ըլլայ Ազէրպայճանական դրօշակներու մուտքը մարզադաշտ(այդպէս կը գրեն թրքական թերթերը այսօր) ։ Պուրսայէն հայրենի լրագրողներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ անվտանգութեան կառոյցները լծուած են աշխատանքի, մարզադաշտի մուտքին երկու կարգ անվտանութեան գօտի պիտի հաստատուի, մարզադաշտ մտնողները պիտի խուզարկուին, ապա պիտի անցնին X-Ray-էն, հոն պիտի ըլլան մարզուած շուներ։ Մարզադաշտին ներսը եւ դուրսը պիտի ըլլան աւելի քան 3500 ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մէջ պիտի տեղաւորուին պարզ զգեստով ոստիկաններ։
ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԵՏՔ։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան՝ անդրադառնալով Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն՝ շեշտած է, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովը այս արձանագրութիւնները իր օրակարգին մէջ պիտի ներառէ միայն այն պահուն, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանը զանոնք քննարկէ եւ վաւերացնէ։ Ընդծելով, որ հայ-թրքական բոլոր համաձայնութիւններու հիմքը, սկսած գործընթացը ժամկէտերուն ընթացքին աւարտին հասցնելն է, ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ շուտով բուռն քննարկումներ պիտի սկսին։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ստորագրուած փաստաթուղթերը ե՞րբ պիտի վաւերացուին թրքական խորհրդարանին մէջ, Գալուստ Սահակեան ըսաւ, որ ՝՝Հայաստան պէտք չունի Թուրքիոյ փոխարէն մտածելու այդ մասին՝՝։ Ըստ անոր, հաստատ է, որ եթէ այդ երկիրը փորձէ դուրս գալ համաձայնութիւններու նախօրօք ճշդուած շրջագիծէն, ապա Հայաստան անյապաղ դուրս պիտի գայ բանակցային գործընթացէն։Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ երկու երկիրներէն ո՛ր մէկը առաջինը պէտք է սկսի փաստաթուղթերու վաւերացման գործընթացին, Սահակեան յայտարարեց, որ անկասկած Թուրքիան պէտք է ըլլայ այդ մէկը ընողը, քանի որ ինք փակած է սահմանը Հայաստանի հետ եւ ինքն ալ պէտք է առաջինը ձեռնարկէ անոր բացման։
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ։
Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Ուիլիըմ Շապաս բաց նամակ մը յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յորում կ՝ընդգծէ որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչո՛ւմն է, որ պէտք է մեկնակէտը ըլլայ որեւէ անկողմնակալ պատմագիտական յանձնախումբի, ո՛չ թէ անոր հաւանական եզրակացութիւններէն մին։ Ահաւասիկ սոյն նամակի բովանդակութիւնը.
Սիրելի՛ վարչապետ Էրտողան եւ նախագա՛հ Սարգսեան,
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները կոչ կուղղեն կազմելու պատմութեան ուսումնասիրութեան անկողմնակալ յանձնաժողով մը, քննելու համար այն՝ ինչ որ աշխարհը կը ճանչնայ իբրեւ 1915-ին գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իբրեւ ցեղասպանութիւններու ակադեմական ուսումնասիրութեան առաջատար կազմակերպութիւն,մենք կ՝ողջունենք շարունակումը հետաքննութեան, որուն շնորհիւ աւելի լաւ պիտի հասկնանք 1915-ի ջարդերը։ Այնուհանդերձ, մենք առաւելագոյն զգուշաւորութեամբ կընկալենք որեւէ կոչ՝ ենթադրաբար անկողմնակալ հետազօտութիւններ կատարելու ակնյայտօրէն հաստատ պատմական իրողութիւններու շուրջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է ըլլայ մեկնակէտ որեւէ անկողմնակալ պատմագիտական յանձնաժողովի, եւ ո՛չ թէ անոր հաւանական եզրայանգումներէն մէկը։ Աշխարհը պիտի չընդունէր որեւէ քննութիւն՝ նացիներու գործած Ողջակիզումին, կամ Ռուանտայի մէջ Թութսիներու բնաջնջումին շուրջ, ուստի այդպէս կարելի չէ վերաբերիլ նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.