էջ մը հայ գրականութենէն - Գէորգ Էմին ծննդեան 90-ամեակ
էջ մը հայ գրականութենէն - Գէորգ Էմին ծննդեան 90-ամեակ
Աւազանի անունով Կարլէն
Մուրատեան (1919-1998),Գէորգ Էմին ծնած է Աշտարակ: Խորհրդահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ եւ
գրական հանրային գործիչ, միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ բարձրագոյն
ուսումը Երեւանի ճարտարապետական հաստատութենէն ներս: Բնատուր տաղանդը եւ գրական գիտելիքները
կատարելագործած է հետեւելով Մոսկուայի հայ արուեստի տան եւ գրական բարձրագոյն դասընթացքներուն:
Եղած է գրական հանդէսներու թղթակից եւ խմբագիր: Մոսկուայի համալսարանէն ներս դասախօսած
է հայ գրականութիւն: Զոյգ առիթներով արժանացած է Խորհրդային Միութեան եւ Չարենցի անուան
մրցանակներուն:
Գէորգ Էմինի առաջին ժողովածուի »Նախաշաւիղ« բանաստեղծութիւնները
կեանքի եւ սիրոյ վերաբերեալ քնարական խոհեր են, բանաստեղծական ինքնութեան որոշումներ:
Սակայն հանրաճանաչ կը դառնայ յետպատերազմեան տարիներուն հրատարակուած իր գրքերով՝ »Նորք«,
»Որոնումներ«, »Երկու Ճանապարհ«, »Մինչեւ Այսօր«, »Այս տարիքում«, »Քսաներորդ Դար«, բոլորն
ալ չափածոյ, եւ''Եօթ Երգ Հայաստանի Մասին'' հրապարակախօսական գիրքը:Մտերմիկ
զգացումներ եւ յոյզեր չեն պակսիր Էմինի տողերուն մէջ, սակայն զինք առաւել չափով համակողը
քաղաքացիական հայրենասիրական նիւթերն են, հայերգութիւնը, հայրեներգութիւնը, մարդերգութիւնը:
Ստորեւ՝ մեր օրերուն աշխարհի տարբեր կողմերը ապրող հայերուն բանաստեղծական հաւաքական
պատկերը.
''Կոթողները իրար չե'ն նմանում՝
Ինչքան հայ՝ այնքան էլ Հայաստան.
Եղեռնով ցրուած ողջ աշխարհում
Հայրենի կարօտով միաբան'':