2009-10-13 14:03:35

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած գիտաժողով Լիբանանի մէջ


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած գիտաժողով Լիբանանի մէջ

Նախաձեռնութեամբ եւ Կազմակերութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, խնամարկութեամբ Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական կաճառի եւ Ս. Հոգի համալսարանի ՜՜Ծիսագիտութեան՝՝ ամպիոնի (Քասլիք) եւ նոյն համալսարանի համագումարներու սրահին մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, կը նախագահէ Միջազգային Բ. գիտաժողովը նուիրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի՝ վանականին եւ միստիկ քերթողին (Ժ. դար) որ տեղի կ՝ունենայ 12 էն 14 Հոկտեմբեր 2009։

Նշենք թէ 2006-ին՝ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի քահանայապետական արեւելեան կաճառին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ կազմակերպուած էր, միջազգային Ա. գիտաժողովը նուիրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ՜՜Մատեան ողբերգութեան՝՝ ,եւ այս անգամ՝ Բ. միջազգային գիտաժողովը, ՜՜Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը խորագրով՝՝ տեղի կ՝ունենայ (ինչպէս ըսինք) Լիբանանի Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի յարկին տակ,

Միջազգային այս Սեմինարը կը հովանաւորեն, Կարտ. Լէոնարտօ Սանտրի նախագահը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ս. Ժողովին, Կարտ. Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեւատա՝ նախագահը հաւատոյ եւ կրօնից Ս. Ժողովին, եւ Կարտ. Նասրալլա Սֆէյրի Անտիոքի Մարոնի պատրիարքը եւ դիւանապետ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին։

Այս առթիւ իրենց միջամտութիւններով եւ զեկուցումներով հանդէս պիտի գան հայ եւ օտար համալսարանի եւ բարձրագոյն ուսմանց փրոֆէսսէօրներ, դասախօսներ եւ գիտաշխատողներ, Ծիսագիտական ու Աստուածաբանութեան ու եկեղեցական պատմութեան մասնագէտներ ու գրագէտներ ։

Գիտաժողովի աւարտին Քասլիքի համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ հոգեւոր համերգ մը պիտի ներկայացուի ՜՜Կռունկ՝՝ երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանին։










All the contents on this site are copyrighted ©.