ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՝ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԹԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ։ ՝՝Թուրքիոյ նախագահ պարոն Կիւլն արձագանեց իմ հրաւէրին,
եկաւ Հայաստան, եւ ես լուրջ հիմքեր չեմ տեսնում նրա հրաւէրը չընդունելու։ Իմ պաշտօնակիցս
գրաւոր հրաւէր է ուղարկել, եւ եթէ մօտակայ երկու օրերի ընթացքում արտառոց իրադարձութիւններ
չլինեն, ես կ՝երթամ Պուրսա սատարելու իմ սիրելի ֆութպոլային թիմին՝` Հայաստանի հաւաքականին՝՝
երէկ Զուարթնոց օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այսպէս յայտարարեց
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ կը պատրաստուէր Մոսկուա մեկնելու՝ իր պաշտօնակիցին
Տիմիթրի Մետվետեւին հանդիպելու։ Պատասխանելով Թուրքիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութեան,
որուն համաձայն, Հայաստան պէտք է վերադարձնէ ազրպէյճանական բռնագրաւեալ տարածքները՝ Սերժ
Սարգսեան նկատել տուաւ որ, եղել են այդպիսի յայտարարութիւններ, եւ իմ կարծիքով՝` դրանք
առաջին հերթին ուղղուած են ազրպէյճանական լսարանին, հակառակ պարագայում ինձ համար շատ
տարօրինակ է եթէ իրենք թուրքերը չեն վաւերացնելու արձանագրութիւնները, ապա ինչո՞ւ դրանք
ստորագրեցին նախօրէին։ Մի գուցէ նրանք մտածում էին, որ մենք կարող էինք բաւարար կամք
չցուցաբերել եւ յետ նահանջի քա՞յլ կատարել, բայց բոլոր պարագաներում այսօր գնդակը գտնւում
է թուրքական դաշտում, եւ մենք բաւարար համբերութիւն ունենք սպասելու իրադարձութիւնների
զարգացմանը։ Մենք մեր քայլերի մասին հրապարակաւ յայտարարել ենք, եւ առանց վարանելու շարժուելու
ենք հէնց այդ ուղղութեամբ։ Կը վաւերացնեն թուրքերը արձանագրութիւնները, կը շարունակենք
գործընթացը, չեն վաւերացնի, մենք կաշկանդուելու ոչինչ չունենք, եւ կանենք այն, ինչի մասին
յայտարարել ենք։ Մենք երբեք որեւէ մէկի հետ նախապայմանների լեզուով չենք խօսել, հակառակը՝`
միշտ պնդել ենք, որ մեր յարաբերութիւնները պէտք է զարգանան առանց որեւէ նախապայմանի։
Խօսքը գնում էր բաւարար նախադրեալների առկայութեան մասին, եւ ես կարծում եմ, որ այսօր
այդ նախադրեալներն առկայ են։ Բացի դրանից, ես ընդհանրապէս յարաբերութիւններում շատ եմ
կարեւորում փոխադարձութեան սկզբունքը(հաստատած է ան)։ ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
- ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ։10 հոկտեմբերին
Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները յառաջիկայ շաբաթ կը ներկայացուին
Թուրքիոյ խորհրդարանի քննարկման, կը յայտնէ Սի. Էն. Էն. Թիւրքը՝ նշելով, որ այս մասին
յայտարարած է թրքական կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճեմիլ Չիչեքը։ Անոր համաձայն
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերող այս արձանագրութիւնները Կովկասի
մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՃԱՌՈՒՈՂ ԿԱԶԻ ԳԻՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ։ Հակառակ անոր որ Թուրքիա
միշտ կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները ի վնաս Ազրպէյճանի պիտի չըլլան,
բայց եւ այնպէս Ազրպէյճան ընդվզած է։ Արդարեւ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հոկտեմբեր
10-ին կատարած իր յայտարարութեամբ համոզում յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու
բարելաւումը կը սպառնայ Ազրպէյճանը մինակ ձգել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման
խնդիրին մէջ։ Ազրպէյճանական մամլոյ հրապարակումներուն համաձայն, հակառակ թրքական իշխանաւորներու
բազմաթիւ պնդումներուն, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կապուած է Լեռնային
Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հետ, վրդոված Ալիեւ յայտնած է, որ իրադարձութիւններու ներկայ
զարգացումը զիրենք չուրախացներ։Ան խօսած է Ազրպէյճանի շահերը նկատի չառնող Թուրքիոյ վաճառուող
կազի գինը մէկ խորանորդ մեթրի համար 120 տոլարէն բարձրացնելու 350 տոլարի։
-Ըստ
թրքական "Զաման" օրաթերթին, Կիւլ վաղը Սարգսեանի պիտի փոխանցէ այն պատգամը, թէ "Լեռնային
Ղարաբաղը նախապայման մը չէ, այլ՝ իրողութիւն մը"։ Թրքական "Սապահ" օրաթերթը
կը հաղորդէ, որ նախագահ Սարգեան Պուրսայի մարզադաշտին մէջ շագանակով եւ խորովածով պիտի
հիւրընկալուի։ 1500 թուրք ոստիկաններ պիտի հսկեն մարզադաշտի ապահովութեան եւ պիտի միջամտեն,
եթէ որեւէ մէկը թրքական դրօշակէն այլ դրօշակ մը պարզէ։
- Ըստ ռուսական
"Քոմերսանթ" օրաթերթին, "Կազփրոմ" ընկերութիւնը այժմ բանակցութիւններ կը վարէ 2010-ին
Հայաստանի մատակարարուող ռուսական կազի գինը նուազեցնելու շուրջ։