2009-10-12 12:34:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՐՈԹՈԳՈԼԸ։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ահմեթ Տաւութօղլու պաշտօնապէս ճշդուած ու յայտարարուած ժամկէտէն գրեթէ չորս ժամ ուշացումով ստորագրեցին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումը արժանացաւ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան անոր անդրադարձան Ուաշինկթըն Փոսթի եւ Նիւ Եորք Թայմզի նման ականաւոր օրաթերթեր, ինչպէս նաեւ Պի Պի Սի.ի, Սի Էն Էն.ի, Իտալական հեռուստակայնները(Ջարդէն 94 տարի ետք հաշտութիւն),իրանեան Փրես Թի Վիի եւ Ալ- Ժազիրաի նման պատկերասփիւռի կայաններ, նաեւ ԱՆՍԱ , Էսոշիէյթըտ Փրես, ԱՖՓ եւ Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնները։ Արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Կալմի-Ռէյ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Խաֆիէ Սոլանա եւ Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Չպոկար, տեղի ունեցաւ շնորհիւ Քլինթընի վերջին պահու վճռակամ միջամտութեան։
Պաշտօնատարներ Ուաշինկթըն Փոսթի յայտնած են, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր իջեւանած պանդոկէն կուղղուէր Ցիւրիխի համալսարանը, ուր ժամը 5։00-ին տեղի պիտի ունենար արձանագրութիւններու ստորագրութեան արարողութիւնը, լուր ստացաւ, թէ հայկական կողմը կ՝առարկէ ստորագրութեան արարողութենէն ետք թրքական կողմին կատարելիք յայտարարութեան։ Քլինթընի շքախումբը շրջդարձ մը կատարելով՝ վերադարձած է պանդոկ, ուր ամերիկացի դիւանագէտ մը կը փորձէր հայկական պատուիրակութիւնը համոզել։ Քլինթըն իր ինքնաշարժին մէջ նստած, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ բջիջային հեռաձայնով մը խօսած է Նալբանդեանի հետ, իսկ երկրորդ բջիջային հեռաձայնով մը՝ Տաւութօղլուի հետ։ Ան պանդոկ մուտք գործած է նախարար Նալբանդեանը հրաւիրելու իրեն հետ ուղղուիլ Ցիւրիխի համալսարան, ուր Տաւութօղլու կը սպասէր։ Համալսարան ժամանելէն ետք բանակցութիւնները շարունակուած են, սակայն այս անգամ մասնակցութեամբնաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի։ Իբրեւ փոխզիջում հայկական եւ թրքական կողմերը համաձայնած են արարողութեան աւարտին յայտարարութիւններ չկատարել։ Քլինթըն մերժած է վերջին պահուն ծագած վէճը բնութագրել։ Ըստ Նիւ Եորք Թայմզի, ան յայտարարած է, որ տակաւին բաւական աշխատանք կայ կատարելիք։ Ցիւրիխէն- Լոնտոն իր ուղեւորութեան ընթացքին Քլինթընի կապուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ շնորհաւորած է արտաքին գործոց նախարարը իր դերակատարութեան համար։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ գիշեր Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան առիթով պատկերասփռուած խօսքի մը մէջ հաստատեց, որ Հայաստանի ու ողջ հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր յիշեալ արձանագրութիւններուն վրայ, եւ այդ փաստաթուղթերը հրապարակաւ քննարկումի ենթարկուած են։ Նախագահ Սարգսեան նկատել տուաւ, որ այս քննարկումի արդիւնքով ողջ աշխարհը հասկցաւ, որ գործ ունի ո՛չ միայն երեք միլիոննոց Հայաստանի, այլ՝ տասը միլիոն հաշուող հայ ժողովուրդին հետ։
Հայաստանի նախագահը շեշտեց բարդ իրավիճակներու մէջ խելամիտ ելք գտնելու հրամայականը, նաեւ կայուն ու ամուր պետականութիւն, հզօր ու բարգաւաճող երկիր ունենալու կարիքը։ Նախաահ Սարգսեան ըսաւ…….
1- Ցանկացած յարաբերութիւն Թուրքիայի հետ չի կարող կասկածի տակ դնել հայ ժողովրդի հայրենազրկման ու ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Այն յայտնի փաստ է եւ պէտք է ճանաչուի ու դատապարտուի ողջ յառաջադէմ մարդկութեան կողմից։ Միջ-կառավարական յանձնաժողովի համապատասխան ենթայանձնաժողովը պատմաբանների յանձնաժողով չէ.
2- Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ առկայ սահմանների հարցը ենթակայ է լուծման գերակայ միջազգային իրաւունքի համաձայն։ Արձանագրութիւնները դրանից աւելի ոչինչ չեն ասում,
3- Այս յարաբերութիւնները որեւէ ձեւով չեն առնչւում ու չեն կարող առնչուել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հետ, որն անկախ ու ինքնուրոյն գործընթաց է։ Հայաստանը չի դիտարկում արձանագրութիւններում ամրագրուած տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանների անխախտելիութեան հարցը որպէս Ղարաբաղի հիմնախնդրի հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող յիշատակում,
4- Թուրքիայի կողմից արձանագրութիւնների վաւերացման ձգձգումը կամ վաւերացման հնարաւոր նոր պայմանների առաջադրումը հայկական կողմի համարժէք վերաբերմունքին կարժանանայ։ Այս արձանագրութիւններով Հայաստանը միակողմանիօրէն չի ստանձնում որեւէ պարտաւորութիւն, չի կատարում որեւէ հաստատում։ Հայաստանը ստորագրում է այս արձանագրութիւնները երկու երկրների միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու հիմքեր ստեղծելու նպատակով։ Ուստի, եթէ Թուրքիան խելամիտ ժամկէտում չվաւերացնի այս արձանագրութիւնները եւ դրանից յետոյ սահմանուած ժամկէտում չկատարի դրանց բոլոր դրոյթները կամ դրանք խախտի հետագայում, ապա Հայաստանն առանց յապաղելու կը ձեռնարկի միջազգային իրաւունքին համապատասխան համարժէք քայլեր։ Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց մեր ժողովուրդի միաբանութիւնը պահպանելու հրամայականը, ազգային նպատակներուն հակասող որեւէ զարգացում կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը, եւ ապագայ սերունդներուն շէն ու խաղաղ հայրենիք ժառանգելու կարեւորութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.