2009-10-11 13:58:27

Սքոփիայի մէջ հայ համայնքը հայկական շաբաթօրեայ դպրոց պիտի ունենայ


Սքոփիայի մէջ հայ համայնքը հայկական շաբաթօրեայ դպրոց պիտի ունենայ

Սքոփիայի մէջ առաջին հայերը յայտնուած են 17-րդ դարի ընթացքին։ Բալաբանով (Բալաբանեան) ընտանիքը Վանէն Սքոփիա գաղթած առաջին հայ ընտանիքներէն մէկն էր։ Բալաբանով եղբայրները կը զբաղուէին նուռի առեւտուրով։ Հաստատուած էին Շտիպ քաղաքը, գործունէութիւն ծաւալելով քաղաքի հասարակական կեանքին մէջ։ Ինչպէս կը յայտնէ Սքոփիահայ ճարտարապետ Ժասմինա Բալաբանեանը, իր ապուպապը՝ Մանեոիլ Բալաբանեանը, 20-րդ դարուն եղած է Շտիպի քաղաքապետը։ Իսկ արդէն իր հայրը՝ Գոսթա Բալաբանեանը, եղած է Ճափոնի պատուաւոր հիւպատոսը Սքոփիայի մէջ։ Ժասմինան կաշխատի Սքոփիայի թանգարանը, ուր ցանկութիւն կայ հաւաքագրելու Սքոփիայի հայկական ժառանգութիւնը։ Նաեւ աշխատանքներ կը տարուին հայկական դպրոց բանալու ուղղութեամբ։ Դպրոցին մէջ կը նախատեսուի ուսուցանել հայոց լեզու եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն, երգ-երաժշտութիւն։

Նախկին հայաստանցի, այժմ Սքոփիա բնակող խեցեգործ-կաւագործ Արմինէ Փիլոյեան-Վրտեսկայի վկայութեամբ, ամենայն հաւանականութեամբ շաբաթօրեայ դպրոցը պիտի բացուի 2009-ի Հոկտեմբերին, ուր պիտի յաճախեն 5-65 տարեկան հայեր։ Երեխաներու թիւը մօտ 25 է, նոյնքան պատանիներ ու մեծահասակներ ցանկութիւն յայտնած են սորվելու։ Ցաւալին այն է, որ դպրոցը դեռ իր մշտական շէնքը չունի, եւ աշխատանքներ կը տարուին սեփական շէնք ձեռք բերելու ուղղութեամբ։

Շուտով ՀՀ Սփիւռքի, Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութիւններու օժանդակութեամբ հայերէն դասագրքեր եւ մեթոտական ուղեցոյցներ պիտի ուղարկուին Սքոփիայի հայկական շաբաթօրեայ դպրոցին։

Արմինէ Փիլոյեան-Վրտեսկան, որ ամուսնացած է Եան Վրտեսկիի հետ, 2005-էն կը բնակի Սքոփիա։ Արմինէն ամէն տարի քանի մը անգամ կը կազմակերպէ իր կաւէ աշխատանքներու ցուցահանդէսները։ Իսկ ամուսինը՝ Եանը, հայ-սքոփիական ընկերութեան նախագահն է։ կը նախատեսուի նաեւ, որ շուտով Հայաստանէն խաչքար տեղափոխուի ու տեղադրուի Սկոփիայի քաղաքին մէջ։ Թէեւ հայ համայնքը փոքրաթիւ է՝ 300 հոգի, 60 ընտանիք, կան մեծ թիով յայտնի հայեր։ Մեծ թիւ կը կազմեն յայտնի հայ բժիշկները, յատկապէս Քանդիկեանը, Խուրդեանը, Դաւիթեանը, Քնալեանը եւ այլք։ Յայտնի են նաեւ բանաստեղծ Լիլիանա Դիրեանը, նկարչուհի Դաֆինա Բալաբանեանը, ամենայայտնի ռոք խումբն է Bread and Salt ը, որու մեներգիչ Դաւիթեանը կը շրջագայի Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ, եւ մեծ համարում ունի երիտասարդներու շրջանակներէն ներս։ Վերջերս ֆրանսական շարժապատկերի օրերու ծիրէն ներս Սքոփիա գտնուեցաւ Շարլ Ազնաւուրը, որ հանդիպեցաւ հայ համայնքին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.