2009-10-11 09:12:01

Հայկան Պոլիսը - Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը եւ նորանոր դպրոցներ Պոլսոյ գաւառներու մէջ։


Հայկան Պոլիսը - Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը եւ նորանոր դպրոցներ Պոլսոյ գաւառներու մէջ։

Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը Ռենսիի մէջ

Պոլսոյ մէջ գործող հայկական բարձրագոյն վարժարաններէն եղաւ Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը՝ իբրեւ իգական սեռի գիշերօթիկ հաստատութիւն։ Անիկա հետագային փոխադրուեցաւ Թեսաղոնիկէ, ապա՝ Մարսէյ եւ այնուհետեւ՝ Փարիզի Ռենսի արուարձանը, ուր կը շարունակէ գործել իբրեւ միջնակարգ երկսեռ վարժարան։ Համիտեան շրջանին աստիճանաբար հալածանքներ սկսան նաեւ դպրոցներուն դէմ, որոնցմէ ոմանք փակուեցան, սակայն միաժամանակ նորանոր դպրոցներ բացուեցան։ Կրթական կեանքը աշխուժացաւ նաեւ գաւառներուն մէջ, եւ ժողովուրդին գրաճանաչութեան եւ զարգացման մակարդակը անհամեմատօրէն բարձրացաւ։



Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը

Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը հիմնուեցաւ 1879-ին, Սրբուհի Տիւսաբի հովանաւորութեան տակ գործող Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան նախաձեռնութեամբ եւ բարերարներու ու ժողովրդային լայն շրջանակներու օժանդակութեամբ, իբրեւ աղջկանց կրթական հաստատութիւն։ Վարժարանին հիմնական առաքելութիւնն էր Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ քաղաքներուն եւ յա՛տկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող վարժարաններուն համար ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ ընտանիքի տիպար, բարեկիրթ ու առաքինի մայրեր պատրաստել վարժարանը պաշտօնապէս իր դուռերը բացաւ 5 նոյեմբեր 1879-ին։

Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան հովանաւորութեան տակ, վարժարանը Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին անմիջական հովանաւորութիւնն ալ կը վայելէր, որովհետեւ պատրիարքը Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան պատուոյ նախագահն էր։ Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը կրթական բարձրագոյն հաստատութիւն էր դաստիարակութեան արդիական կերպերով եւ եւրոպական, գլխաւորաբար՝ ֆրանսական չափանիշներուն համապատասխան կրթական ծրագիրներով։ Հոն կրթութիւն կը ստանային եւ ասպնջականութիւն կը գտնէին Պոլիսէն, Զմիւռնիայէն, Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ հայկական գաւառներէն հասնող շնորհալի աղջիկներ։

Աշակերտուհիներուն եւ Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան անդամուհիներուն նախաձեռնութեամբ, 1882-ին Պոլսոյ մէջ կազմակերպուեցաւ հայկական առաջին գեղարուեստական ցուցահանդէսը, որուն հրաւիրուեցաւ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի։Համիտեան ջարդերու ու հալածանքներու պայմաններուն տակ, տասնեօթը տարուան գործունէութեան բեղուն շրջանէ մը ետք, վարժարանը հարկադրաբար իր դուռերը փակեց 1896-ին, իսկ Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութիւնն ալ դադրեցուց իր գործունէութիւնը։ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին, վարժարանը տասներկու տարուան դադարէ մը ետք վերաբացաւ իր դուռերը։ Վերակազմուեցաւ եւ իր գործունէութեան վերսկսաւ նաեւ Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութիւնը։ 1915-ի Մեծ եղեռնի օրերուն իթթիհատական կառավարութիւնը արգիլեց Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան գործունէութիւնը։ Ստեղծուած կացութեան առջեւ դպրոցը հարկադրաբար դադրեցուց իր գործունէութիւնը։ Կոտորածի եւ տարագրութեան այդ օրերուն Պոլիս ապաստան գտած էին հազարաւոր գաւառացիներ, շատեր՝ տուն-տեղ, հարազատներ եւ ամէն ինչ կորսնցուցած թշուառներ եւ որբեր, որոնք օրէնքի պաշտպանութենէն զուրկ մահապարտներ էին։ Դպրոցասէրի պատասխանատուները իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելով՝ դպրոցը որբանոցի վերածեցին, ուր ասպնջականութիւն, սնունդ ու ապահովութիւն գտան բազմաթիւ թշուառներ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութիւնը վերակազմուեցաւ 1920-ին, իսկ վարժարանը վերսկսաւ իր գործունէութեան։ Այնուհետեւ Անատոլուի մէջ Մուսթաֆա Քեմալ փաշայի վարած միլլիական շարժման յաղթանակէն, յոյներու պարտութենէն եւ Զմիւռնիոյ աղէտէն ետք, տիրող քաղաքական պայմանները նկատի ունենալով, եւ նախքան քեմալական ուժերուն Պոլիս մուտքը եւ հոնկէ դաշնակից գրաւեալ ուժերուն հեռացումը, Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութիւնը եւ վարժարանը 1922-ին տեղափոխուեցան Յունաստան եւ Թեսաղոնիկէի մէջ կեդրոնանալով՝ հոն վարժարանը վերաբացաւ իր դուռերը։ Այնուհետեւ վարժարանը իր աշակերտուհիներով եւ ընկերութեան անդամուհիներով փոխադրուեցաւ Ֆրանսա եւ վարժարանը իր դուռերը բացաւ Մարսէյի մէջ։

Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը 1928-ին փոխադրուեցաւ Փարիզ եւ մայրաքաղաքին Ռենսի արուարձանին արդիական յարմարութիւններով օժտուած չորս յարկանի շէնքի մը մէջ բացաւ իր դուռերը։ Նոյն ժամանակ գրագիտուհի Անայիսի (Եւփիմէ Աւետիսեան) նախագահութեամբ կազմուեցաւ նոր վարչութիւն։ Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան եւ վարժարանին խնամակալութիւնը 1937-ին ստանձնեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը։

Ֆրանսական կառավարութիւնը Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանը 1948-ին ընդունեց իբրեւ միջնակարգ դպրոց։ Սփիւռքի մէջ գործող իգական միակ գիշերօթիկ հաստատութիւնը այսպէսով սկսաւ առաջնորդուիլ ֆրանսական դպրոցներու պետական ծրագիրով՝ միաժամանակ հայերէնով դասաւանդելով հայոց լեզու, պատմութիւն, գրականութիւն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն։ Անիկա իր գործունէութիւնը կը շարունակէ մինչեւ այսօր, Ռենսիի մէջ, իբրեւ ՀԲԸՄ-ի միջնակարգ երկսեռ վարժարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.