2009-10-10 13:27:53

Լուրեր քրիստոնեայ հայ աշխարհէն
Լոս Անջելով - Եկեղեցիներու Գրասենեակներու Անձնակազմերը Այցելեցին Առաջնորդարան


Լուրեր քրիստոնեայ հայ աշխարհէն
Լոս Անջելով - Եկեղեցիներու Գրասենեակներու Անձնակազմերը Այցելեցին Առաջնորդարան
Ազգային առաջնորդարանի եկեղեցիներու գրասենեակներու անձնակազմերու անդամները այցելեցին առաջնորդարան եւ ընդունուեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Անոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու առաջնորդարանի բաժանմունքներուն, ապա առաջնորդ սրբազանին ճաշի հիւրը եղան։
Հայաստանցի Ընտանիքներ Պոլսոյ Մէջ Գաղտնի Վարժարան Մը Հիմնած Են

ՊՈԼԻՍ - Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա եկած հայաստանցի ընտանիքներ, Պոլսոյ մէջ գաղտնի վարժարան մը հիմնած են իրենց զաւակներուն համար։ Դպրոցը, որուն գոյութենէն, կ՛ըսուի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններն անգամ լուր չունին, բացուած է շէնքի մը գետնայարկին մէջ, ուր Հայաստանէն եկած տղաք Հայաստանէն բերուած հայերէն դասագիրքերով դասեր կը սորվին։
Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ապրիլին ըսած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ 70 հազար հայաստանցիներ փախստականի կարգավիճակով կ՛աշխատին։
Ֆրանսական գործակալութիւնը այս յայտարարութիւնը նկատի ունենալով, մօտէն ուսումնասիրած է Պոլսոյ մէջ ապրող հայաստանցիներուն կեանքը եւ գրած, թէ հայաստանցիները ընդհանրապէս կ՛աշխատին մաքրութեան կամ երեխաներու խնամատարութեան գործերով, ու կը շահին ամսական 50էն մինչեւ 350 տոլար։ Անոնք Վրաստանի վրայով, մինչեւ 35 ժամուան ճամբորդութենէ ետք Պոլիս կը հասնին ու մէկ ամսուան կեցութեան արտօնութիւն կը ստանան, սակայն անկէ ետք եւս կը շարունակեն հոն մնալ, որովհետեւ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը աչք կը գոցէ անոնց ապօրինի կեցութեան։ Անոնց ամբողջ վախը ձերբակալուիլ ու աքսորուիլն է, բայց ասիկա գրեթէ չի պատահիր։
«Գո»չ համալսարանի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, 20 հազար փախստական հայաստանցի կայ միայն Պոլսոյ մէջ եւ իբրեւ թէ ո՛չ մէկը իր հայ ըլլալուն հետեւանքով յոռի վերաբերմունք կը տեսնէ։ Անոնք կ՛ըսեն, թէ աւելի դիւրին է Թուրքիա գալ, քան՝ Մոսկուա, որովհետեւ թուրք ոստիկանները «սահմանին վրայ ոչինչ կը հարցնեն եւ այս տեսակէտէն կը տարբերին ռուս ոստիկաններէ»։
«Շատերուն երազն է տեսնել երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան ստորագրումը ու այս կերպով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական կապերու ստեղծումը», կը գրէ «Ա.Էֆ.Փէ.»։







All the contents on this site are copyrighted ©.