2009-10-09 14:01:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Սրբազան Հայրը Մարեմեան Ս. վարդարան աղօթքը կ'արտասանէ Ափրիկէի համար եւ ափրիկեցիներու հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Սրբազան Հայրը Մարեմեան Ս. վարդարան աղօթքը կ'արտասանէ Ափրիկէի համար եւ ափրիկեցիներու հետ։
Շաբաթ օրը, հոկտեմբեր 10, երեկոյեան ժամը 5ին, Պօղոս 6-րդ սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Ս. վարդարանի Մարեմեան աղօթքը Ափրիկէի հետ եւ Ափրիկէի համար։ Պատկերասփիւռի միջոցաւ Մարեմեան աղօթքին կը միանան Գահիրէի, Նայրոպիի, Խարթումի, Անդանանարիվոյի Եոհաննէսպուրկի, Օնիդշայի, Քինշասայի, Մաբութոյի եւ Ուատակուտուի քրիստոնեայ հասարակութիւնները։
Հինգշաբթի օրը Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պաղեստինեան Իշխանութեան նախագահը` տիար Մահմուտ Ապպաս։
Մահմուտ Ապպաս յաջորդաբար տեսակացութիւնը ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի,եւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց թէ այս հանդիպումները տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ։
Այս առթիւ վերակոչուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին Ս. Երկիր կատարած այցելութիւնը նաեւ խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակի մասին եւ շեշտը դրուեցաւ արդար ու մշտական լուծում գտնելու կարելիութեան ՜՜հրեայ-պեղեստինեան ընդհարումին՝՝, ուր բոլորին իրաւունքները ճանչցուին ու յարգուին։ Կոչ ուղղուեցաւ միջազգային հասարակութեան, նպաստելու՝ միջին Արեւելքի լուծումին համար։ Նոյնպէս խօսուեցաւ կաթողիկէ հասարակութեան կացութեան մասին թէ Պաղեստինի եւ թէ Միջին Արեւելքի մէջ, ու անոնց բերած նպաստը ընկերային կեանքին ու խաղաղ համակեցութեան հաստատումին ժողովուրդներու միջեւ։

Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները
Սիւնոդոսական Հայրերու կոչը Գոնկոյի խաղաղութեան ի խնդիր։

Սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւններու ընդմէջէն ի յայտ կու գայ Ափրիկէի պատմութիւնը, ժողովուրդներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, յոյսերը ու յարաբերութիւնը արեւմտեան աշխարհին հետ։ ՜՜Դժուար յարաբերութիւններ՝՝ քանի արեւմուտքը կ'աշխատի պարտադրել մտածելակերպ մը, որ օտար է Ափրիկէի մտայնութեան ու մշակոյթին։
Խումբ մը Սիւնոդոսական Հայրեր նիստին աւարտին զորակցութեան կոչ ուղղած են Գոնկոյի քրիստոնեաներուն համար, որոնք այս վերջին օրերուն հալածանքի ենթարկուած են, խաղաղութիւն մաղթելով՝ Ափրիկէի ցամաքամասի բոլոր բնակիչներուն։
Խօսելով աղանդներու մասին Սիւնոդոսական Հայրերը խնդրած են որ ժողովրդապետութիւնները կեդրոնը հանդիսանան երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք չդառնան թիրախը աղանդներուն։
Ափրիկեան Ցամաքամասի Սիւնոդհոսը՝Վատիկանի Մէջ։ Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ ԱՆԿՕԼԱ։ Երկրի 1992ի Սահմանադրութիւնը կը յայտարարէ որ Անկոլայի Հանրապետութիւնը աշխարհական պետութիւն մըն է։ Կառավարութիւնը թոյլատու է կրօնաւորական բոլոր կազմակերպութիւններու նկատմամբ։ 2004ի մարտին արդարեւ վաւերացուեցաւ օրէնք մը որ կր հաստատէ պայմանները կրօնաւորական խումբերու արձանագրութեանց հանար։ Անկոլայի բնակիչներու թիւը գրեթէ 15 միլիոն է,որոնց հարիւրէն 94,1ը քրիստոնեաներ են իսկ հարիւրէն 5,9ը տոկոսը այլ կրօնքներու կը պատկանին։ Անկոլայի Արդարութեան Նախարարութիւնը ու նաեւ Մշակոյթի Նախարարութիւնը ներկայիս կը ճանչնան 85 կրօնաւորական խումբեր։ Անկոլայի կաթողիկէներու թիւը 8.600.000է եւ կան 18 Եկեղեցական գաւառներ, իսկ Եպիսկոպոսներու թիւը՝ 27 է ։

Ռատիովատիկանի կայքը - Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ Ռատիովատոկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին ու մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու նաեւ՝ տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտէսը ,ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէ օր հետեւիլ Ափրիկէի երկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքին եւ կարդալ սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները։

Այցելեցէ’ք Ռատիովատիկանի կայքը։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.