2009-10-09 14:02:39

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

Արամ Ա. կը պարգեւատրէ Շաքէ Յովակիմեանը

Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, հանդիսութեամբ մը կը պարգեւատրուի բազմատաղանդ Շաքէ Յովակիմեան ձեռամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի։ Շաքէ Յովակիմեան ունեցած է 40 տարուան մշակութային այլազան գործունէութիւն՝ պար, երգ, ասմունք։ Ան ջամբած է մշակութային լաւագոյն կրթութիւն իրերայաջորդ 3 սերունդներու՝ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Եգիպտոս եւ Միացեալ Նահանգներ։ ։

Մեծարանքի հանդիսութիւն Պատերազմի Վեթերան Գէնոս Իսկենդարեանին

 Հոլիվուտի «Նայիրի» ճաշարան հաւաքուած պատերազմի եւ աշխատանքի բազմաթիւ վետերաններ եւ յոբելեարի հարազատները, նշեցին Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի գործունեայ մասնակից, խիզախ գնդացրորդ գումարտակի աւագ Գէնոս Իսկանդարեանի 90 տարին:

Միջոցառման, երբ մեծարեալը մուտք  գործեց որոտող ծափերով ու շնորհաւորութիւններով ընդունուեցաւ եւ ստացաւ իր «Գերազանց ծառայութեան համար» շքանշանը։ «Ծառայում եմ հայրենիքիս», եղաւ անոր պատասխանը:

 Վետերաններու միութեան նախագահ Վիգէն Ղազարեան, միութեան անունով պէրլիտէ թանկարժէք սալիկի վրայ շքեղ տառերով յուշագիր մը յանձնեց յոբելեարին՝ մաղթելով անոր երկար տարիներ ու երջանիկ կեանք:

Այս առթիւ  մեծարեալին Ռուսիայէն ժամանած եղբօր թոռնուհին՝ Ռիթա Իսկենդարեան յուզիչ խօսք առաւ յիշելով իր հերոսաբար զոհուած պապը եւ որբ մեծցած հայրը: Ան նաեւ կարդաց ուղարկուած հեռագրերը՝ ՜՜ Ստավրոպոլի, Մոսկուայի, ԱՄՆի կազմակերպութիւններէն, Երեւանի, Սիսեանի, ծննդավայր Թասիկ գիւղի հարազատներէն ու մտերիմներէն, որոնք անկեղծ ու ջերմ ցանկութիւններ յղած էին յոբելեարին:



Ասպարէզ»ի Տարեդարձին կը Բանախօսէ Նազարէթ Պէրպէրեան

«Ասպարէզ» օրաթերթի 101րդ տարեդարձի տօնակատարութեան առիթով Մոնթեպէլլոյի մէջ, «Դրօշակ» թերթի բազմամեայ գլխաւոր խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեան  (Աթէնքէն ) պիտի բանախօսէ սոյն տօնակատարութեան։

 Տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Բաղրամեան» սրահին մէջ (Մոնթեպէլլօ):



Արամ Ա Կաթողիկոս ''Իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս ես կը մնամ պաշտպանը

եւ պահանջատէրը նահատակներուն սրբազան կտակին ''



Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Լիբանան այցելութեան ընթացքին երկու տարբեր առիթներով հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին հետ։ Սոյն հանդիպման ընթացքին նախագահը վեհափառ հայրապետին պարզեց Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագիրներու իր պատկերացումը, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն սփիւռքի կարգ մը շրջաններու մէջ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընդհանուր արժեւորումը։ Արամ Ա կաթողիկոս յայտնեց, թէ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ յիշեալ հարցին գծով իր մտահոգութիւնները եւ առաջարկները հրապարակային կերպով արտայայտած էր։ Ան ողջունեց սփիւռքը տեղեակ պահելու եւ լսելու նախագահին նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով վեհափառ հայրապետը յիշեցուց նախագահին, թէ մեր ժողովուրդը երբեք պիտի չընդունի Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով որեւէ զիջում։ Ան ըսաւ, թէ մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւնները կը գտնուին Անթիլիասի մէջ իբրեւ մնայուն յուշարար, եւ ինք՝ իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս կը մնայ պաշտպանն ու պահանջատէրը անոնց սրբազան կտակին։ Ապա, անդրադառնալով իր հրապարակային խօսքին մէջ կատարած առաջարկին, Արամ Ա կաթողիկոս ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է, որ Հայաստան շարունակէ յիշեցնել Թուրքիոյ ու միջազգային ընտանիքին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ամբողջ հայութեան համար, եւ թէ յիշեալ հարցը՝ իբրեւ պատմական իրողութիւն, բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ։

Նախագահը լսելէ ետք Արամ Ա կաթողիկոսին մտահոգութիւններն ու առաջարկները, անգամ մը եւս վստահեցուց, թէ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը համազգային հիմնահարց է եւ, հետեւաբար, ինք կը հասկնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերած ծայրագոյն աստիճանի զգայնութիւնը եւ նոյնիսկ երբեմն ընդվզումը։ Նախագահը շեշտելով կարեւորութիւնը Հայաստան-Թուրքիա տնտեսաքաղաքական յարաբերութիւններուն՝ նաեւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը այն մասին, Հայաստանի պետութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել ցեղասպանութեան ճանաչումը կարելի բոլոր միջոցներով։ Յայտնենք, որ նախագահ Սարգսեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա կաթողիկոսին հետ իր ունեցած հանդիպման աւարտին ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակներու մատրան առջեւ։





Արշիլ Կորքիի գործերու ցուցահանդէս Երեւանի մէջ



Հայազգի հռչակաւոր արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի (ծնեալ Մանուկ Ատոյեան) գործերէն կարեւոր մաս մը Երեւան կը գտնուի, Գաֆէսճեան արուեստից սրահէն ներս տեղի ունենալիք ցուցադրութեան մը առիթով։ Ուշադրութեամբ ծածկուած եւ 23 ծաւալուն ծրարներով Երեւան ժամանած Կորքիի գործերը Քասքատի վերեւը գտնուող կեդրոնէն ներս իրենց տեղերը պիտի գրաւեն մօտ ժամանակէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.