2009-10-09 13:32:23

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Պարաք Օպամա՝2009ի Խաղաղութեան Նպելեան Մրցանակակիր։ Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու առաջին սեւամորթ նախագահը բազմաթիւ թեկնածուներու ընդմէջէն ընտրուեցաւ 2009ի Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիր ՝սա դրդապատճառներով ՝՝ իր ցոյց տուած արտակարգ ջանքերուն համար ամրապնդելու՝ միջազգային դիւանագիտութիւնը եւ համագործացկութիւնը ժողովուրդներու միջեւ,ու նաեւ առանց միջուկային զէնքերու աշխարի մը գոյացումին ի նպաստ տարած աշխատանքին համար՝՝։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։
Երէկ ուշ երեկոյեան (Հայաստանի ժամանակացոյցով ժամը 20։00-ին) Մոլտավիոյ մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները։Աւելի ուշ նախագահները երեք ժամուան դռնփակ հանդիպում կայացուցին։ Այսպէս Հոկտեմբեր 8ին, ուշ երեկոյեան, Քիշնեւի մէջ կայացաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու միջեւ հանդիպումը։ Այս առիթով, ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտոնը յայտնած էր թէ Միացեալ Նահանգներ վճռակամօրէն կը շարունակեն աջակցութիւնը Ղարաբաղեան գործընթացին։ Մոլտավիոյ մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ կայացած եռակողմանի հանդիպման ներկայ եղան նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Իսկ Սպիտակ Տունէն երէկ գիշեր հաղորդուեցաւ թէ ԱՄՆ.ու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Շաբաթ օր Ցիւրիխ պիտի մեկնի, ներկայ գտնուելու համար հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան։


Ազային Անվտանութեան Խորհուրդը Համաձայն է Փրոթոքոլի Ստորագրման։

Ազգային Անվտանութեան Խորհուրդը Հոկտեմբեր 8ին կայացած իր նիստին ընթացքին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԱԽ) հաւանութիւն տուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ՝ Օգոստոս 31ին նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն։ Նիստին արձանագրուած է, որ Հայաստանը նախաստորագրած է արձանագրութիւնները՝ հաւատարիմ մնալով իր հռչակած դիրքորոշման՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ մշակելու հաստատում առանց նախապայմաններու։ Նաեւ արձանագրուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելը կարեւոր խնդիր կը նկատէ, սակայն, երկրի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ կը պահպանէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը եւ այն փաստը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը առնչութիւն չունի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին հետ։ Բացի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, նիստին մասնակցած են նաեւ Գարեին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Իր ելոյթին մէջ նախագահը անդրադարձած է այն փաստին, թէ Սփիւռքի մէջ յաճախակիօրէն կրկնուած քննադատութիւններէն մէկը կը վերաբերի խորհրդակցութիւններու ուշացած ըլլալուն հարցին, նկատի ունենալով, որ արձանագրութիւնները արդէն իսկ նախաստորագրուած են։ ՝՝Կարծում եմ՝ այդպէս կարող են մտածել միայն այն մարդիկ, ովքեր անկեղծօրէն հաւատում են, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորումն աւարտւում է արձանագրութիւնների նախաստորագրմամբ։ Ի հարկէ դա այդպէս չէ։ Ինձ համար Սփիւռքում կայացած քննարկումները չափազանց կարեւոր էին՝ նախաստորագրումից ստորագրում, ստորագրումից վաւերացում եւ վաւերացումից իրագործում բարդ եւ աշխատատար շղթայի իւրաքանչիւր օղակում մեր ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը ծրագրաւորելու առումով(յայտնած է նախագահը)։ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործի հնարաւոր նահանջին վերաբերեալ Սփիւռքի բողոքներուն անդրադառնալով՝ նախագահը յայտնած է. ՝՝Կարծում եմ՝ ակնյայտ է, որ որեւէ հայ մարդ երբեւէ չի կարող չբարձրաձայնել մեր՝ աշխարհասփիւռ եւ սեփական կենսատարածքից զրկուած ժողովուրդ լինելու պատճառները։ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցում մենք պարտականութիւն ունենք եւ այդ պարտականութիւնը կատարելու ենք մինչեւ վերջ՝՝։

Եւրոպացի նախարարներու մեծ մասը դէմ է Թուրքիոյ անդամակցութեան Եւրոպական Միութեան։
Եւրոպացի նախարարներու մեծամասնութիւնը կը սատարէ Ֆրանսայի դիրքորոշման, որը դէմ է Թուրքիոյ անդամակցութեան Եւրոպական Միութեան։ Այդ մասին յայտարարեց Ֆրանսայի ԱԳՆ Եւրոպայի գիծով պետքարտուղար Փիէռ Լելուշը։ Ըստ անոր, չնայած անոր, որ Ֆրանսան կը փափաքի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ, ան կը գերադասէ, որ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա
համագործակցութիւնը շարունակուի բոլորովին այլ ձեւաչափով։ Թուրքիան կարող է համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ, սակայն մենք կտրականապէս դէմ ենք անդամակցութեան(ըսաւ Լելուշը, PanARMENIAN.Net-ին հաղորդեց անկախ ֆրանսացի լրագրող Ժան Էքիեանը)։







All the contents on this site are copyrighted ©.