2009-10-08 16:10:04





 

Արմաւիայի Հռոմ Երեւան Հռոմ ուղիղ թռիչքի պաշտօնական բացման հանդիսութիւն






 

Արմաւիայի Հռոմ Երեւան Հռոմ ուղիղ թռիչքի պաշտօնական բացման հանդիսութիւն

Չորեքշաբթի 30 Սեպտեմբեր 2009ին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ՜՜Արմաւիա՝՝ օդանաւային ընկերութեան ՜՜Հռոմ Երեւան Հռոմ՝՝ ուղիղ թռիչքին, որ բարեպատեհ առիթ մըն է իտալաբնակ հայ եւ իտալացի ճամբորդներուն համար, որպէսզի առանց այլ տեղ վայրէջք կատարելու եւ նուազ ժամանակամիջոցով ուղղակի կարենան ճամբորդել։ Արմաւիան Հայաստանի առաջին օդանաւի ընկերութիւնն է։ Իր մայր օդակայանը /a> է։ ‘’Արմավիա’’ ընկերութիւնը կազմուեցաւ 1996-ին , բայց իր առաջին թռիչքները սկսան2001-ին ։ Հոկտեմբեր 2002-ին, Արմաւիան ստացաւ իր առաջին Airbus A320-ը և ուրիշ մըն ալ Օգոստոս 2003-ին։Նախապէս Արմաւիան Եւրոպա թռիչք չէր կատարեր որովհետև ուրիշ Հայկական ընկերութիւն մը կար, ՜՜Հայկական միջազգային ավիաուղիներ՝՝ անունով, որ Եւրոպական թրիչքները կիրականացնէր։ Երբ այդ ընկերութիւնը իր թրիչքները կեցուց, Արմաւիան Եւրոպայի ուղիներուն սկսաւ,և եղաւ Հայկական առաջին օդանաւի ընկերութիւնը: ՜՜Արմավիա՝՝ Հայկական ընկերութինը ուզեց նոր թռիչքներ բանալ Եւրոպայի մէջ և նաեւ մինչև Լոս Անճելըս։

15 Յուլիսէն ի վեր կը գործեն Արմաւիայի թռիչքները Հռոմի եւ Երեւանի՝ միջեւ: Uակայն Չորեքշաբթի 30 Սեպտեմբեր 2009-ին պաշտօնական արարողութեամբ մը, բացումը կատարուեցաւ ‘’Հռոմ- Երեւան- Հռոմ’’ երթին։

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին իտալական եւ հայկական քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագիտական մարմինը, օդանաւային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, հռոմահայեր եւ զանգուածային մաս մետիաները։

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Րաֆայէլլա ֆիօրինի՝ ՜՜Կլոպ կրաունտ՝՝ ընկերութեան պատասխանատուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք ընդառաջեցին հրաւէրին, ասիկա պատմական օր է Արմաւիային որով անիկա հայկական եռագոյնով թռիչք կ՝առնէ Հռոմի՝ Լեոնարտօ տա Վինչի օդակայանէն դէպի երեւանեան Զուարթնոց օդակայանը։ Արդ նուազ ժամանակով եւ առանց էջք կատարելու այլ օդակայաններ, ճամբորդները կը հասնին ՜՜Հռոմէն Երեւան ՝՝... Ինչպէս ըսինք ընթացիկ տարուայ 15 Յուլիսէն ի վեր կը գործեն այս թռիչքները Հռոմի եւ Երեւանի՝ միջեւ ։

Հանդիսութեան Խօսք առաւ (անգլերէնով) Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպան՝ տիար Ռուբէն Կարապետեան ընդգծելով Իտալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սերտ կապերը պատմութեան ընթացքին. եւ այս թռիչքները պիտի ըլլան խթան մը երկու երկիրներու բնակիչները իրարու աւելի մօտեցնելու ու գործակցելու զանազան մարզերու մէջ։ Այս առթիւ

Խօսք առին՝ Արմաւիա ընկերութեան տնօրէնը՝ Նորայր Բելլոյեան որ ճիշտ նոր հասած էր Արմաւիայի այլ ճամբորդներուն հետ,ճարտարագէտ Սերճօ Պերլէնկի օդանաւային մարքէթինկի տնօրէնը ըսաւ որ այս թռիչքը մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ երկու երկիրներու միջեւ փոխ յարաբերութեանց։ Փրօֆ. Պայքար Սվազլեան Իտալահայ միութեան նախագահը Միլանոյէն ընդգծեց մեծ ակնկալութիւնները որ հայ ժողովուրդը կը սնուցէ Եւրոպայի նկատմամբ ընդհանուր գիծերու մէջ եւ Իտալիոյ նկատմամբ յատկապէս. եւ թէ այս թռիչքը որ Հռոմի սրտէն կը մեկնի հասնելով չորս ժամէն դէպի Արարատի ստորոտը պիտի կրկնապատկէ սոյն ակննկալութիւնները.

Խօսք առաւ նաեւ ՜՜Դէպի Հայաստան՝՝ զբօսաշրջութեան պատասխանատուն՝ Նատիա Բասքուալէ , ան Հայաստան այցելող իտալացիներու խանդավառութեան մասին խօսելով շեշտը դրաւ Արմաւիայի ուղիղ թռիչքի կարեւորութեան վրայ։

Հուսկ իր սրտի խօսքը արտասանեց Նարինէ Շիրինեան որու ջանքերու շնորհիւ իրականացաւ Արմաւիայի ՜՜ Հռոմ Երեւան՝՝ ուղիղ կապի ծրագիրը , երազը որ իրականութիւն դարձաւ (ըսաւ ան) իր ուրախութիւնը արտայայտելով ու նաեւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք չխնայեցին ոչ մէկ օժանդակութիւն եւ ծառայութիւն։

Այս առթիւ Հայաստանէն ժամանած ՜՜Տուտուկի Անսամպլը՝՝ հրամցուց կոմիտասէն ամէն Հայր Սուրբը ու Շարանը եւ միշտ Հայաստանէն զոյգ մը պարողներ ՜՜հայկական ժողովրդական պարի՝՝ ներկայացումով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ՜՜Լեոնարտօ տա Վինչի անուան օդակայանի Սալա Պլու՝՝ կապոյտ սրահին մէջ։

Հուսկ հրամցուեցաւ հայկական համադամներ ու տեսակաւոր հայկական համեղ ԾԻՐԱՆԻ անուշեղէններ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.