2009-10-07 14:27:58

Քաղաքներու Կախարդանքը – Եռամաս Դիտարկումներ Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան


Քաղաքներու Կախարդանքը – Եռամաս Դիտարկումներ Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան

Վերի խորագիրին առաջին բաժինը՝ «Քաղաքներու Կախարդանքը», կրնայ պահ մը ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ մեր ձեռքին ունինք հեքիաթներու գիրք մը։ Այդպէս չէ, հակառակ անոր, որ զայն կարելի է կարդալ հեքիաթի պէս, այսինքն, բովանդակութիւնը «համով» է։

Մօտաւորպէս 400 էջերու վրայ տարածուող հատորը, առաջինն է երեք հատորներու շարքի մը, որ կ՛ընդգրկէ Մարզպետ Մարկոսեանի գրիչին արգասիքը, իրողապէս՝ անոր մէկերրորդը, որովհետեւ, ինչպէս խորագիրը կ՛ըսէ ու հեղինակն ալ իր նախաբանին մէջ կը խոստանայ՝ սա առաջինն է եռահատոր շարքի մը։

Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն 2008ին լոյս տեսած հատորը ունի իր առանձին խորագիրը՝ «Պոսթընեան Պատկերներ»։ Ընթերցողը սակայն շուտով իրազեկ կ՛ըլլայ, որ բովանդակութիւնը միայն պոսթընեան չէ, այլ գիրքը կը տարածուի Պէյրութէն մինչեւ Պոսթըն, ու քիչ մըն ալ Նիւ Եորք, քաղաքներ, ուր ապրած է հեղինակը՝ սկսելով մանկութենէն, մինչեւ գիտական ու գրական մամուլի աշխարհներու մէջ իր ճամբորդութիւնները։ Լոս անճելըսեան բաժինները հաւանաբար պիտի գան յաջորդ հատորներուն մէջ։

Յօդուածներու, վերլուծումներու, նշմարներու եւ պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է այս հատորը, որ կը տարածուի աւելի քան 50 տարիներու վրայ։ Գրիչի ու գիրի հետ Մարզպետ Մարկոսեանի բարեկամութիւնն ու լծակցութիւնը սկսած է ուշ 50ական տարիներուն, ուսանողութեան օրերէն, աշակերտական թերթի ճամբով, ապա, անոր ստորագրութիւնը երեւցած է «Յառաջ»ին, «Նայիրի»ին, «Սփիւռք»ին ու «Զարթօնք»ին, «Նոր Կեանք»ին ու այլ թերթերու մէջ։ Տարիներու ընթացքին թուղթին յանձնուած գրութիւնները ահաւասիկ հատորով կը ներկայանան ընթերցողին։ Եւ ինչպէս հեղինակը կը հաստատէ, այս նախաձեռնութեան մղումը կու գայ քրոջմէն՝ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանէն։

Հատորը ունի ինը ենթաբաժանումներ։

Առաջին բաժինը կը ներկայանայ 6 պատմուածքներով ու գրութիւններով։ Հեղինակին պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան օրերն են Պէյրութի ու յատկապէս Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ։

Հատորին երրորդ բաժինով, հեղինակին ոսպնեակը, նաեւ՝ ազգային կեանքի բազկերակը շօշափող գործիքները կը տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան գօտին, ուր հասած էր ան, բարձրագոյն ուսման՝ գիտութեանց աշխարհին մէջ հետազօտութիւն կատարելու տենդով, առանց սակայն բաց թողելու հայութիւնը յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու օձիքը։

Հատորին վերջին գլուխը կը ներկայացնէ խորագիրին «դիտարկող»ը, այսինքն՝ հեղինակը, իր կենսագրական ու ասպարէզին մէջ իրագործումներու երեսներով:

Գիրքին արժէքը կը բաշխուի քանի մը գիծերու վրայ։ Նախ եւ առաջ, անիկա ունի վաւերագրական արժէք։ Յետոյ, կայ մտածող, մեր ժողովուրդի անմիջական ու գլխաւոր հարցերով տագնապող, զանոնք վիճարկումի դնող, վէճի մղող մարդու մը «կենսագրականը», կան անձնական, բայց նաեւ անձնականէ անդին՝ մեր ժողովուրդի ժամանակակից հարցերուն պատկերումները։ Գրողին ոսպնեակը պարզ արձանագրող ու արձագանգող չէ, այլ նկարողը ունի յստակ կեցուածք, կը կատարէ դատումներ ու վերլուծումներ, առանց սպասելու, որ ընթերցողը անպայման համակարծիք ըլլայ իրեն։ Այսուամենայնիւ, ընթերցողը պիտի նկատէ, որ հայութիւնը երէկ ու այսօր տագնապեցնող հարցերու նկատմամբ, հեղինակը ունի հետեւողական կեցուածք, որ նոյն գանակէն ելլող ու փորձառութեան կուտակումով հարստացող արտայայտութիւններով կը զարգանայ հատորին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.