2009-10-07 14:27:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 7 հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Հայրը, այսօր իր խորհրդածութեան ընթացքին խօսեցաւ Ս. Յովհաննէս Լեոնարտիի մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ս. Յովհաննէս Լեոնարտին, ծնած է 1541 -ին, ան դեղագործ էր, սակայն ետքը ուզեց նաեւ ծառայել Աստուծոյ դառնալով կուսակրօն քահանայ։ Քրիստոս դարձաւ Ս. Յովհաննէս Լեոնարտիի կեանքին հիմանկէտը։ Մնալով հանդերձ դեղագործութեան յարած, ան միշտ մարդոց կը հաղորդէր ''Աստուծոյ դեղը'' այսինքն խաչուած ու Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը, ՜՜կեդրոնը՝՝ ամէն բանի։ Քրիստոսի Աւետարանը ծաւալելու նպատակաւ ան իր շուրջը համախմբեց երիտասարդներ, որոնք պատրաստ էին ՜՜Քրիստոսը ճանչնալ որպէս իրենց կեանքի կեդրոնը եւ ուղեցոյցը՝՝։ Այսպէս ան հիմնեց Աստուածածնայ կղերական միաբանութիւնը, որ ունէր որպէս նպատակ ՜՜լաւագոյնս պատրաստել ապագայ քահանաները, ատակ Աստուծոյ խօսքը քարոզելու նոյնիսկ հեռաւոր առաքելավայրերու մէջ՝՝։ Իր այս նախաձեռնութեամբ՝ Յովհաննէս Լեոնարտին հիմը դրաւ աւետարանութեան ժողովին եւ միշտ ուշադիր ըլլալով՝ լաւագոյն դեղը գտնելու ժամանակակից մարդոց հարցերուն։ Ան միշտ կը հրաւիրէր իր կղերը վերանորոգուելու ու վերակազմուելու յիշեցնելով անոնց որ Քրիստոսի հետ հանդիպումը կ'ըլլայ Յիսուսի Եկեղեցւոյ մէջ, որ սուրբ է եւ դիւրաբեկ, արմատացած պատմութեան մէջ, ուր բարի հունտը եւ որոմը միասին կ'աճին։ Եկեղեցին բոլորին համար կը մնայ փրկութեան խորհուրդ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ քահանայական տարին եւ Ս. Յովհաննէս Լեոնարտիի մահուան 400-ամեակին առթիւ, կը հրաւիրեմ քահանաներն ու Աստուծոյ ժողովուրդը որ ներշնչուին այնքան համակրելի ու լուսաւոր սուրբ Լեոնարտիէն ու կառչին Քրիստոսին եւ եռանդով տարածեն սուրբ Աւետարանը՝՝։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց աղօթել իրենց քահանաներուն համար եւ սիւնոդոսի այս օրերուն առթիւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աղօթեցէք ափրիկեցիներուն համար։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը,Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցին կը մեծարէ ՜՜Վարդարանի Ս. Կոյս Մարիամը։

Ինծի համար, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է ընդգծելու կարեւորութիւնը Ս. Վարդարանի աղօթքին, որ շատ սիրելի էր իմ նախորդներուս։ Ս. Վարդարանի աղօթքը կ'օգնէ Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ ապաստան գտնելու ամենասուրբ Կոյս մարիամի սրտին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.