2009-10-07 14:28:26

Լուրեր հայ աշխարհէն


Սիմոնեաններու անուան Գրական Մրցանակներու յանձնում-Միացեալ Նահանգներ

Մէկ Հոկտեմբեր 2009ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի հովանաւորութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան հերթական գրական հանդիպումը՝ գրադարանի դահլիճին մէջ։ Միութեան նախագահ, բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան յայտարարեց «Հրանդ եւ Մանուշ Սիմոնեաններ» գրական մրցանակներ շահողներուն անունները՝ անոնք են. բանաստեղծ Գարուշ Հարեանց Կլէնտէյլէն եւ բանաստեղծ Լուսիկ Վարդանեան Գիւմրիէն, որոնք առաջնութիւն շահելով՝ արժանացան 500-ական տոլար պարգեւներու: Մրցանակի հիմնադիր Հրանդ Սիմոնեան անձամբ շնորհաւորեց Հարեանցը եւ յանձնեց պարգեւը: Միութեան վարչութիւնը Վարդանեանին պիտի հասցնէ անոր պարգեւը: Ներկաները խանդավառութեամբ ողջունեցին յայտարարութիւնը:

Նիստը շարունակուեցաւ Մշակոյթի օրուան առիթով կազմակերպուած ազատ բեմով, ուր ելոյթ ունեցան հեղինակներ՝ սեփական ստեղծագործութիւններու ընթերցումով: Հանդէսը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

Հայազգի գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի շրջապտոյտը ԱՄՆի եւ Գանատայի տարածքին։

 «Համազգային»ի ԱՄՆ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեանց հովանաւորութեամբ եւ «Համազգային»ի տեղական մասնաճիւղերու վարչութեանց կազմակերպութեամբ, (Հոկտ. 4էն-Նոյ. 20) տեղի պիտի ունենայ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի շրջապտոյտը ԱՄՆի եւ Գանատայի տարածքին։

 Այս շրջապտոյտը կազմակերպուած է՝ նպատակ ունենալով սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը ծանօթացնել նոյնիքն Սփիւռքի զանզան գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Պչաքճեանի հեղինակած 11 հատորներէն՝ «Անցողիկն ու Անժամանցելին» նորատիպ հատորին գինեձօնը կատարելու։ Գրագէտը իր այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն ընթացքին նոր շունչ եւ ոգի պիտի ներշնչէ իր գործընկերներուն, աշակերտներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին։

 Մովսէս Պչաքճեան փարիզաբնակ է։ Ան Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ շքանշան ստացած է, իսկ այս տարի արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին՝ ՀՀ պետութեան կողմէ։

  Մովսէս Պչաքճեան այս առթիւ պիտի այցելէ եւ դասախօսէ հետեւեալ քաղաքներուն մէջ՝ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Պոսթըն, Տիթրոյիթ, Շիքակօ, Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, ապա Մոնթրէալ ու Թորոնթօ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.