2009-10-07 14:57:02





Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։




























 
Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵԼԻՔ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՉԵՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ։
Ազրպէյճանական ՝՝Վեստիազ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ հանդիպումները աւարտելէ ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպում ունեցած են լրագրողներու հետ եւ յոյս յայտնած, որ Քիշինեւի մէջ 8 հոկտեմբերին՝ նախագահներու հանդիպումէն ետք, դրական տեղաշարժ տեղի կունենայ։ Անոնք ըսած են, որ Քիշինեւի մէջ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրում նախատեսուած չէ։ Մենք կողջունենք բանակցային գործընթացի դրական տեղաշարժերը եւ կակնկալենք աւելի մեծ տեղաշարժերու հասնիլ(ըսած է ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատքէն)։ Ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով ըսած է, որ Ազրպէյճանի նախագահը դրական գնահատած է բանակցային գործընթացը եւ յոյս յայտնած, որ դրական ընթացքը շարունակուի։Ռուս միջնորդը նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անհրաժեշտ է առանձին դիտարկել, չկապելով զայն այլ տագնապներու եւ գործընթացներու։ Մինսք-ի Համանախագահներու շրջան այցելութենէն առաջ կը խօսուէր, թէ անոնք իրենց հետ պիտի բերեն Մատրիտեան սկզբունքներու նոր մէկ տարբերակը, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ։

 
Լիբանանահայութիւնը Գործադուլով Ու Ցոյցերով Կը Դիմաւորէ Նախագահ Սարգսեանը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի օր հասաւ Պէյրութ: Նախագահին ցոյցերով ու երթերով դիմաւորելու պատրաստուած լիբանանահայութիւնը ու Պուրճ Համուտի ժողովուրդը, Երեքշաբթի կէսօրէն սկսեալ գործադուլի դիմած էր՝ արտայայտելու համար իր բողոքը հայ-թուրք արձանագրութիւններու ստորագրումին դէմ: ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութեան շուրջ հարիւր անդամներ, նախագահի ժամանման պահուն Պէյրութի օդակայանին առջեւ ցոյց կատարեցին: Աւելի ուշ, մինչ նախագահը «Հապթուր» պանդոկին մէջ կը հանդիպէր Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Ծոցի երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ, բազմահազար լիբանանահայեր բողոքի երթով Պուրճ Համուտէն հասան նոյն պանդոկին վայրը եւ բարձրաձայն կոչերով հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումի կասեցումը պահանջեցին: Հապթուր պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը, որմէ ետք վեհափառը ցուցարարներուն փոխանցեց իր հայրական պատգամը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, թէ հայութիւնը պատմութեան ընթացքին հաւատարիմ մնացած է իր ժողովուրդին ընդհանրական, համազգային արժէքներուն եւ նուիրական երազներուն։ Կաթողիկոսը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը նաեւ հաւատարիմ պիտի մնայ իր նահատակներու պատգամին եւ արդար դատին՝ շարունակելով պահանջատիրութեան երթը։ Արամ Ա կաթողիկոս ըսաւ, թէ 20-րդ դարու Ա. Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մնայ անպատիժ՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, կառավարութիւնն ու ժողովուրդը միեւնոյն հաւատարմութեամբ եւ միեւնոյն պատասխանատուութեամբ կը հետապնդեն մեր ժողովուրդին արդար դատը, որ խորքին մէջ իւրաքանչիւր հայու դատն է։ Արամ Ա.ի հետ հանդիպումի աւարտին նախագահ Սարգսեան կաթողիկոսարանի երկրորդական դռնէն հեռացաւ։
 
Թուրքիոյ Նախագահ Կիւլ Ֆրանսացի Պատմաբաններ Կը Հրաւիրէ՝ Մասնակցելու Պատմաբաններու Յանձնաժողովին ։

( ՊՈԼԻՍ, «Աժանս Ֆրանս Փրէս)Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեքշաբթի օր, Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին , հրապարակաւ հրաւիրած է օտար պատմաբաններ՝ մասնակցելու յառաջիկային «Օսմանեան Կայսրութեան ներքոյ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու ուսումնասիրման աշխատանքին լծուելու կոչուած յանձնաժողովին»: «Մենք կը յուսանք, որ պատմաբաններ, արխիւագէտներ կ՛ուսումնասիրեն այս հարցը եւ մենք պատրաստ ենք այս յանձնաժողովին եզրակացութիւնները ընդունելու: Ինչպէս ծանօթ է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ «Թուրքիոյ տարի» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլայ Սարքոզիի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Հոկտեմբեր 7-9ի միջեւ պիտի այցելէ Ֆրանսա:Թուրքիոյ նախագահական պալատի մամլոյ սպասարկութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան ընթացքին, Կիւլ Սարքոզիի հետ պիտի մասնակցի «Բիւզանդիոնէն՝ Պոլիս. երկու ցամաքամասերու նաւահանգիստը» անունով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:









All the contents on this site are copyrighted ©.