2009-10-06 13:50:52

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ժան Գազանճեանի Գործերուն Նուիրուած Հատորին Ներկայացումը

Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի 40ամեակին առթիւ, ՀԲԸՄ Փասատինայի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, կազմակերպուած էր Ժան Գազանճեանի գեղանկարչութեան նուիրուած հատորին ներկայացումն ու նկարիչի վերջին շրջանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը:

 Օրուան հանդիսավարն էր Բարսեղ Գարթալեան: Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց համեմատական գրականութեան դասախօս’ Կլորիա Օրինսթին:

 Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Միացեալ Նահանգներ- ArmTech 2009» Համագումարը՝ Նոյեմբեր 5-8ին

 Բարձր արհեստագիտութեան սարքաւորումներու տարեկան «ArmTech» գործարարական համագումարը այս տարի պիտի կազմակերպուի բարձր արհեստագիտութեան մայրաքաղաքը դարձած Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի (Silicon Valley) մէջ: Համագումարի կազմակերպման աշխատանքները կը համադրէ Հայկական զարգացման գործակալութիւնը: Իր տեսակին մէջ երրորդ հանդիսացող այս համագումարը տեղի պիտի ունենայ Սան Հոզէի «ֆէրմանթ» պանդոկին մէջ:

 «ArmTech 2009»ը պիտի ներառէ ոչ միայն տեղեկատուական ճարտարագիտութիւն, այլ բարձր ճարտարագիտութեան սարքաւորումներու այլ հատուածներ: «ArmTech»ը կը նկատուի համագործակցութեան եւ շփումի կարեւոր բեմ մը այս մարզին մէջ մասնագիտացած աշխարհասփիւռ հայերուն համար: Համագումարի ծիրէն ներս, Շաբաթ, Նոյեմբեր 7ին, նոյն պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ճաշկերոյթ մը:

 Յիշենք, թէ «ArmTech 2007»ը կազմակերպուած էր դարձեալ Սիլիքոն հովիտին մէջ, իսկ 2008ին՝ Երեւանի մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել /a> համացանցային կայքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.