2009-10-05 14:09:21

Ծիսական ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 5 Հոկտեմբերէն Շաբաթ 10 Հոկտեմբեր 2009-10-05


Երկուշաբթի 5 Հոկտեմբերին տօնն է՝ Փոկաս հայրապետ եւ Երանոս հետեւող առաքեալներուն։

Փոկաս Եպիսկոպոս Պոնտոսի Սինոպ քաղաքէն էր նաւագործի մը զաւակ որ մանկութենէն ստացած էր քրիստոնէական կրթութիւն։ Ամասիոյ, եւ Սինոպի սահմաններուն մէջ մեծ հռչակ հանեց ու բազմաթիւ հեթանոսներ շնորհիւ իրեն քրիստոնեայ դարձան։ Երբ Տրայիանոս կայսրը Ամասիա եկաւ Փոկաս ներկայացաւ անոր ատեանը եւ յետ քննութեան չարչարանքներու ենթարկուեցաւ հուսկ հրակէզ մահուան։ Իր նշխարները ԺԵ. դարուն փոխադրուեցան ֆրանսայի Վիէնն քաղաքը։

Երեքշաբթի 6 Հոկտեմբերին կը յիշատակուի Թեկղէ եւ Վառվարէ կոյսերու տօնը

Վառվարէ կոյսը Դիոսկորոս անունով երեւելի հեթանոսի մը միամօր դուստրն է որ կանուխէն գաղտնաբար ընդունած էր քրիստոնէութիւնը։ Երբ հայրը վերահասու կ՝ըլլայ եղելութեան սաստիկ բարկանալով իր դուստրը կը յանձնէ քաղաքի դատաւորին՝ Մարկիանոսին որ բանտարկութեան եւ բազմատեսակ չարչարանքներու կ՝ենթարկէ զինք։ Սակայն ինք Վառվարէ կը դիմադրէ շնորհիւ երկնային տեսիլքներու ու ազդումներու։ Իբրեւ վերջին չարչարանք կտրել տուած էին Սրբուհիին ստինքները եւ բոլորովին մերկ զինք շրջեցուցած քաղաքին մէջ ի տես ամէնուն։

Քրիստոնէական հաւատքը հաստատող իր վերջին յայտարարութենէն ետք Վառվարէ կը դատապարտուի գլխատութեան։ Իր անսիրտ հայրը ինք իր սուրով կը կտրէ միամօր զաւկին գլուխը։ Վառվարէ կոյսը, Կոստանդիանոսի օրէն մինչեւ այսօր մեծ ժողովրդականութիւն կը վաղելէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ հաւաարապէս։

Հինգշաբթի 8 Հոկտեմբերին տօնն է Պանդալէոն բժիշկի, Երմող քահանայի եւ Եպրաքսէ կոյսին։

Պանդալէոն Նիկոմիդացին հեթանոս հօր եւ քրիստոնեայ մօր զաւակ էր որ մատաղ հասակէն կը հետեւէր բժշկութեան, Եփրոսիանոս բժշկապետին մօտ։ Երկուքը յաճախ ծերունի Երմող քահանային մօտ կ՝երթային, որով Պանդալէոն կը համակրի երէցին, ու ձգելով ֆիզիքական բժշկութիւնը կը նուիրուի հոգեկան բժշկութեան զգալով իր մէջ այդ կոչումը։ Ան բազմաթիւ բժշկութիւններ կատարած է աղօթքով եւ Յիսուսի անունով։ Ուշագրաւ եղած է անոր կոյրի մը բժշկութիւնը որ պատճառ կ՝ըլլայ որ իր հայրը քրիստոնեայ դառնայ ։ Նոյնիսկ անգամ մը Մաքսիմիանոս կայսեր ներկայութեան ան կ՝առողջացնէ անդամալոյծ մը որուն վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած էին քուրմերու ջանքերը։ Ասիկա պատճառ կ՝ըլլայ որ իրեն վերագրուի կախարդութեան յանձանքը։ Երմող քահանան կը նահատակուի որմէ ետք ալ կայսրը կը հրամայէ Պանդալէոնը գլխատել. կըսուի թէ փոխանակ արեան կաթ յորդած է անոր վիզէն։

Շաբաթ 10 հոկտեմբերին տօնն է Կալիստրատիոս զօրականի 49 վկաներու եւ Ղուկիանոս քահանայի։

Կալիստրատիոս զօրական եղած էր քաղկեդոնացի զինուորական մը Դիոկղետիանոսի Հռովմի բանակին մէջ, ան մատնուած էր որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ընդգրկած էր

Չուզելով կուռքերուն զոհ մատուցել , զինք խորգի մը մէջ փակելով ծովամոյն ըրին սակայն անվնաս ազատեցաւ անկէ։ Ասոր համար իր 49 ընկերակիցները եւս քրիստոնեայ դարձան։ Այն ատեն ամէնքը միասին բանտարկուեցան, գանակոծուեցան եւ նորէն ծովամոյն եղան ի վերջոյ ամէնքը միասին նահատակուեցան գլխատութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.