2009-10-04 14:12:12

Հայկան Պոլիսը - Գէորգ Դ. Կաթողիկոս Կոնստանդնուպոլսեցի (18131882).

Ամենայն Հայոց մեծագործ Հայրապետը, որուն փառապսակը հանդիսացաւ

Ս.Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը


Հայկան Պոլիսը - Գէորգ Դ. Կաթողիկոս Կոնստանդնուպոլսեցի (18131882).

Ամենայն Հայոց մեծագործ Հայրապետը, որուն փառապսակը հանդիսացաւ

Ս.Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը



Այսպիսի օր մը, 143 տարի առաջ՝ 29 Սեպտեմբեր 1866ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան ժողով կար Ս. Էջմիածնի մէջ։

1865ի Օգոստոս 22ին վախճանած էր Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսին յաջորդած էր 1858ին, բայց միայն 7 տարի գահակալելու ժամանակ ունեցած էր։



Ս. Էջմիածին հաւաքուած էին միաբանութեան եւ Կաթողիկոսութեան կապուած Վիճակներու (թեմերը այդ անունով կը ճանչցուէին ժամանակին) 29 ներկայացուցիչներ։ Անոնք միաձայնութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրեցին Գէորգ Եպիսկոպոսին, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլսեցի էր եւ մինչ այդ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Վիճակներէն Պրուսայի առաջնորդն էր։

Եւ այդպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ունեցաւ Գէորգ անունով օծուած իր չորրորդ Հայրապետը, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ գրաւեց իբրեւ Գէորգ Դ. Մեծագործ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց։ Արժանացաւ Մեծագործի տիտղոսին, ինչպէս որ կը վկայէ բարձրարժէք գրականագէտ եւ լեզուաբան Մանուկ Աբեղեան 1899ին լոյս տեսած իր մենագրութեան մէջ, որովհետեւ ոչ միայն հիմնադիրը եղաւ հայ հոգեմտաւոր դպրութեան մեծագոյն օճախներէն Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին, այլեւ մեծակշիռ ներդրում ունեցաւ ընդհանրապէս ե՛ւ արեւմտահայ, ե՛ւ արեւելահայ կրթական, հրատարակչական ու թեմական կեանքի կազմակերպումին, ամրապնդումին ու աշխուժացումին մէջ։

Աւազանի անունը Գրիգոր Պետրոսի Քէրէստէճեան էր (ազգանունը կու գար մեծ հօր՝ ատաղձավաճառ Գրիգորէն) եւ ծնած էր Պոլսոյ Սամաթիա թաղը, 18 Յուլիս 1813ին։

Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցին, որ իր գլխաւոր կրթութիւնը ստացած է Կարապետ Պատրիարքի բացած Գում Գաբուի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ՝ Փէշտիմալճեան Պատուելիի ուսուցչութեան ներքոյ։ Ժառանգաւորացը 1830ին աւարտելով, 17 տարեկանին, իբրեւ գրագիր ընդունուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանատան մէջ։ 1834ին սարկաւագ եւ 1835ին աբեղայ ձեռնադրուած է Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքին կողմէ, որ Արմաշի միաբանութեան ներշնչումով Գէորգ անուանակոչած է նորընծայ հոգեւորականը։

Խոհուն եւ պերճախօս Գէորգ Աբեղան, նոյն տարին իսկ եւ նոյն պատրիարքին կողմէ կարժանանայ մասնաւոր գաւազանի իշխանութեան՝ առ ի գնահատանք իր ծաւալած հոգեմըտաւոր քարոզչութեան։

1840ին, Գէորգ Վարդապետի կը վստահուի Արմաշ երթալու եւ նորընտիր պատրիարքը Պոլիս հրաւիրելու առաքելութիւնը։ Կ'արժանանայ Պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին, իսկ տարի մը ետք ալ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանին։

1847ին, ընդառաջելով Պրուսայի ազգային ժողովականութեան դիմումին, Մատթէոս Պատրիարք Եպիսկոպոսական աստիճան շնորհեց արժանաւոր հոգեւորականին, որ ճամբայ ելաւ դէպի Ս. Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար։ 1848ի Սեպտեմբերի վերջերուն, Գէորգ Եպիսկոպոս վերադարձաւ Պրուսա եւ մինչեւ 1858ի Հոկտեմբերը շարունակեց առաջնորդի իր բեղուն գործունէութիւնը։

1866ին, երբ Մատթէոս Առաջին Կաթողիկոս վախճանեցաւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան յաջորդ գահակալի փնտռտուքները կեդրոնացան Գէորգ Եպիսկոպոսի վրայ։ 29 Սեպտեմբեր 1866ին Կաթողիկոս ընտրուելով, ինչպէս որ նախատեսուած էր Պոլոժենիայով, Գէորգ Դ. ձեռնարկեց դէպի Մոսկուա եւ Սէն Փեթերսպուրկ ուղեւորութեան՝ Ցարին ներկայանալու եւ պաշտօնապէս իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հաստատուելու համար։ Հիւսիսային Կովկասի հայաշատ քաղաքներէն մինչեւ Ս. Փեթերսպուրկ, նորընտիր Հայրապետը ամէնուր հանդիպումներ ունեցաւ իր հօտին հետ, ծանօթացաւ անոնց դժուարութիւններուն, լսեց անոնց պահանջները եւ տեղւոյն վրայ լուծեց վարչական բնոյթի բազում խնդիրներ։ Վէճեր հարթեց, հայու հաւատքը գօտեպնդեց, կրթական օճախներ բանալու արշաւ կազմակերպեց եւ ի պատիւ իր այցելութեան նախատեսուած ընդունելութիւնները խրախուսելու փոխարէն՝ բոլորին յորդորեց, որ ազգային նպատակներու նուիրեն իրենց գումարները։

Ս. Էջմիածին վերադարձին՝ Գէորգ Դ. նուիրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը բարեկարգելու եւ հզօրացնելու աշխատանքին։ Հրատարակեց Արարատ հանդէսը։ Վերանորոգեց Էջմիածնի տպարանը եւ վերակազմակերպեց հրատարակչական գործունէութիւնը։ Մօտէն զբաղեցաւ միաբանութեան հարցերով ու անոնց վիճակի ընդհանուր բարեկարգման ձեռնարկեց։ Բայց մանաւանդ որոշեց եւ գործադրութեան յանձնեց հոգեւոր ճեմարանի կառուցման ծրագիրը։ Շինարարական եւ նախապատրաստական աշխատանքները տարիներ տեւեցին եւ 1874ին Գէորգեան Ճեմարանը իր դռները բացաւ հայ նորահաս սերունդին առջեւ։

Իր ուսումնական մակարդակով, հոգեմտաւոր ջերմ մթնոլորտով եւ դասախօսական բարձրորակ անձնակազմով՝ Գէորգեան Ճեմարանը պատմական նշանակութեամբ մեծ դեր ունեցաւ 19րդ դարավերջի հայութեան ազգային ու հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ զարգացման մէջ։ Ժամանակաշրջանի մեծարժէք դէմքեր կազմաւորուեցան Ճեմարանի շունչով։ Ամբողջ սերունդներ հասցուց եւ նուիրաբերեց հայ ժողովուրդին։

Գէորգեան Ճեմարանը եղաւ կարապի երգն ու փառապսակը հայոց մեծագործ հայրապետին, որ 1882ի Դեկտեմբեր 6ին, իր առաքելութիւնը արժանաւորապէս աւարտին հասցուցած մարդու գոհունակութեամբ, առյաւէտ փակեց իր աչքերը Մասիսի փէշերուն, Ս. Էջմիածնի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.