2009-10-04 14:11:58

Լուրեր հայրենի կեանքէն - Իսրայէլի մէջ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրի կառուցումը


Լուրեր հայրենի կեանքէն - Իսրայէլի մէջ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրի կառուցումը
Իսրայելի հայերու Արարատ միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պետախ Տիկվայի քաղաքապետարանի համաձայնութեամբ, սկսած է կառուցուիլ յուշահամալիր մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցին։
Բազմաթիւ պետութիւններ ճանաչել են 1915 թ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, աշխարհի տարբեր անկիւններում վեր են խոյանում Մեծ Եղեռնի զոհերի յուշակոթողները, իսկ Սուրբ երկրում Իսրայէլ պետութիւնում, կառուցուող յուշահամալիրը ոչ միայն խորհրդանշական է, այլեւ մէկ քայլ՝ պատմական արդարութեան վերականգնման ճանապարհին,- գրուած է Իսրայէլի հայերու միութեան նախագահ Աշոտ Մարտիրոսեանի նամակին մէջ, որ ուղղուած է համայն հայութեան։
1915 թ ցեղասպանութեան զոհերի յուշահամալիրի ստեղծման սուրբ գործն իրականացնելու համար մենք ակնկալում ենք բոլորիդ ներդրումը, Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի յաւերժացման սրբազան գործում։ Շնորհակալ ենք օգնութեան եւ աջակցութեան համար,- կըսէ Աշոտ Մարտիրոսեանը։

Հայ Կամաւորներու ջոկատներ»ու Նոր Գործադիր Վարիչը
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուսթըրէն Շարիսթան Մելքոնեան նշանակուած է կազմակերպութեան գոծադիր վարիչ, մինչ Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուող հայորդիներու օժանդակող նշեալ կազմակերպութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան տասնամեակը:
Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութեան վարչութեան անդամ Ալեք Սարտար Շարիսթան կը համարուի փորձառու եւ աշխոյժ ղեկավար մը, որ տասնամեակներէ ի վեր կամաւոր աշխատանք կը տանի ամերիկահայ համայնքէն ներս, ըլլայ ան Նիւ Եորքի, Պոսթընի կամ Լոս Անճելըսի մէջ:
Յայտնենք, թէ Շարիսթան եղած է Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ աշխատած է ՀՕՄի եւ հայկական վարժարաններու հետ:
Մելքոնեան Հայ կամաւորներու ջոկատներ կազմակերպութեան աշխատանքը պիտի ղեկավարէ կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակէն՝ մօտէն գործակցելով տեղական կազմակերպութեանց, ընկերութիւններու եւ իշխանութեանց հետ:
Վրացիները Աչք Ունին Նաեւ Պատմական Տայքի Հայկական Յուշարձաններուն Վրայ
Թիֆլիս - Հայկական մշակոյթի հանդէպ վրացիներուն յաւակնութիւնները արձանագրած են նոր դրսեւորումներ, այս անգամ պատմական Հայաստանի Տայք նահանգի յուշարձաններուն նկատմամբ ունեցած ոտնձգութիւններով։
«Երաժշտութեան մէջ կենդանացած խօսք» վրացական փառատօնի ծիրէն ներս, վրացի արուեստագէտներէ կազմուած խումբ մը, օրերս այցելած է Թուրքիոյ Արդուին, այսինքն՝ պատմական Հայաստանի Տայք նահանգ։ Վրացական «Ախալի տաօպա» թերթին տուած տեղեկութիւններով, այցելութեան նպատակն է պատմական արմատներու հետ ծանօթութիւնը եւ ստեղծագործական գործունէութեան եւ կապերու զարգացումը:
Վրացի արուեստագէտները ծանօթացած են հայկական պատմական յուշարձաններուն, ինչպէս՝ Օշքի վանքին եւ Իշխան գիւղի տաճարին։ Ուշագրաւ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր վրացիներ հայկական այս յուշարձանները կը ներկայացնեն իբրեւ «վրացական եկեղեցական ճարտարարպետութեան մարգարիտներ» եւ զանոնք ամէն գնով իւրացնելու փորձեր կը կատարեն։
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող կազմակերութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Սամուէլ Կարապետեանի հաստատումով, վրացիներուն յաւակնութիւնները դատարկ հողի վրայ չեն։ Երեւոյթը իր պատմական պատճառները ունի ըստ Ս. Կարապետեանի։
«Մենք մեր պատմութիւնից լուր չունենք ու օտարուած ենք, հակառակ դէպքում՝ կը գտնէինք միջոցներ մեր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար», վրդովմունքով յայտնած է պատմաբանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.