2009-10-03 14:34:12

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Ս. Պատարագ՝ Առաջնորդարանի Մատրան Մէ


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Ս. Պատարագ՝ Առաջնորդարանի Մատրան Մէջ

Լոս Անջելոս։ Տնօրինութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Շաբաթ, 3 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթ օրուան երեկոյեան, Ս. պատարագ տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի մատրան մէջ, յատկապէս երիտասարդութեան համար։

Նոյն օրը, առաջնորդ հօր նախագահութեամբ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինի նախաձեռնութեամբ, միօրեայ լսարան-հաւաք տեղի պիտի ունենայ Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչներուն եւ ուսուցիչներուն համար, Ազգ. առաջնորդարանի սրահին մէջ։ Լսարան-հաւաքի աշխատանքներու վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան պիտի խօսի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ դաստիարակչական ծրագիրին մասին։

Ֆրեզնոյի Հայկական Փառատօն՝ Փրփուր -Այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Հայկական մշակութային հաստատութեան տեղի պիտի ունենայ Փրփուր փառատօնը, Շաբաթ, 3 Հոկտեմբերին, Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցի ընդարձակ ծառաստանին մէջ:



Արցախ-Ֆրանսա խորագիրով ցուցահանդէսը Արցախի մէջ

Վերջերս, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Արցախ-Ֆրանսա խորագիրով ցուցահանդէս մը, որուն նախաձեռնողներն են ԳԱՄ-ԱՐՏ Արցախի Նկարիչներու միջազգային կազմակերպութիւնը, Տոմենիք Լանդուչին (Ֆրանսայէն) եւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած է Տոմենիք Լանդուչիի, Ռոպերթ Ասկարեանի, Յովիկ Գասպարեանի, Սամուէլ Գաբրիէլեանի, Առնոլտ Մելիքսեթեանի նկարներն ու քանդակները։

Բացման հանդիսութեան ներկայ գըտնըւած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ հիւրեր։ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը ողջունած է միջոցառման մասնակիցները։

Նախարարը յոյս յայտնած է, որ այս ցուցահանդէսը դառնայ համագործակցութեան սկիզբ՝ նշելով, որ անոր նախադրեալները արդէն իսկ սկսած են երեւիլ, որովհետեւ Տ Լանդուչի պիտի միջնորդէ ֆրանսացի պատասխանատու մարմիններուն մօտ, որպէսզի Արցախի նկարիչներուն ցուցահանդէսը կազմակերպուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ։

Իր կարգին, ֆրանսացի նկարիչը գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ հոգածութեան համար։ Ան փափաք եւ յոյս յայտնած է, որ այսպիսի հանդիպումներ յաճախակիօրէն կրկնուին։ Ան ըսած է որ արդէն իսկ սիրահարած է Ղարաբաղին, որովհետեւ շատ նման է Ֆրանսայի ա՛յն շրջանին, ուր ինք կը բնակի ներկայիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.