2009-10-03 14:33:26

Լուրեր հայկական կեանքէն


ՍՊԱՆԻԱ ԱԹՈՄ ԷԿՈՅԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍԱՆ ՍԵՊԱՍԹԻԱՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ



18-26 սեպտեմբերին սպանական Սան Սեպասթիան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային 57-րդ շարժապատկերի փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Աթոմ Էկոյեան իր Քլոէ ժապաւէնով։

Նշենք, որ այս փառատօնը կը հանդիսանայ առաջինը՝ աշխարհի մեծագոյն հինգ շարժապատկերի փառատօներէն։ Յայտնենք, որ Էկոյեանի ժապաւէնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ժիւլիանա Մուր, Լայամ Նիսըն, Ամանտա Սէյֆրիտ։



Ոչ եւս է ամերիկահայ բարերար Գէորգ Յովնանեան

86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ բարերար Գէորգ Յովնանեան, ան եղած է ամերիկայի մեծագոյն շինարարական ընկերակցութիւններէն մէկուն հիմնադիրը։ Ան ծնած էր Իրաք Յովնանեանները 4 եղբայրներ էին երբ Գէորգ ամերիկա գացած է իր գրպանին մէջ ունէր միայն հազար տոլար եւ աշխատելով կարողացած է ունենալ իր սեփական շինարարական ընկերակցութիւնը եւ 42 տարուան ընթացքին տէր եղած է Ամերիկայի մէջ մեծագոյն շինարարական ընկերակցութիւններէն մէկը։ Ի լուր հայազգի բարերարին մահուան Հ Հ նախագահը Սերժ Սարգսեան զաւակզական գիր մը յղած է որուն մէջ յատկապէս գրած է. ՜՜ Ցաւով տեղեկացայ անուանի բարերար Գէորգ Յովնանեանի մահուան լուրը։ Ան մէկն է այն երախտաւորներէն որ արժանապատուութեամբ կը շարունակէր հայ բարեգործութեան ու մեկենասութեան լաւագոյն աւանութիւնները։ Անոր մահով մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը. իսկ մեր պետութիւնը հայրենասէր ու պատրաստակամ զաւակ մը։ Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Գէորգ Յովնանեանի ընտանիքին ու հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.